ՍԱՐՔՈԶԻ ԱՅՍՕՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի:

Ֆրանսայի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Ան պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի գտնուի Ժիւլ Պասթիեն Լըփաժի` Օկիւսթ Ռոտենի հեղինակած արձանի նուիրաբերութեան արարողութեան. քանդակը Ֆրանսայի նուէրն է Հայաստանին:

 

Share this Article
CATEGORIES