ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՐՈՒԱՆ ՈՒԵՀՊԷ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՍԱԺԱ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱԾ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Մարուան Ուեհպէ

Կազմակերպութեամբ, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս, կենսաբանութեան մասնագէտ Մարուան Ուեհպէն, որ ներկայացուցիչն է ՍԱԺԱ ընկերութեան, եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Մարուան Ուեհպէ իր խօսքին սկզբնաւորութեան ներկայացուց ՍԱԺԱ ընկերութիւնը, որ կը նշանակէ` «Սէուտի Արապիըն Ճափընիզ», եւ բացատրեց, որ ասիկա նոր ընկերութիւն մըն է, որ կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ զուտ ճափոնական է: Ան նկատել տուաւ, որ ընկերութիւնը ունի նոր արտադրութիւններ, ինչպէս` «Ռոքսոնին», որ կռնակի, գլխու եւ այլ ցաւերու համար է եւ շատ արագ կերպով 15 վայրկեանի մէջ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ու երբեք ստամոքսին չի վնասեր: Այս դեղամիջոցին գինը 13 հազար լիբանանեան ոսկի է:

Երկրորդ դեղը, որուն մասին խօսեցաւ Ուեհպէ, «Փանթոմաքս»ն է, որ ստամոքսի հիւանդութիւն ունեցողներուն համար է, եւ օրական 1 դեղահատ առնելով 24 ժամուան մէջ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

Այս դեղին գինը դարձեալ յարմար է` 12 հազարէն 30 հազար լիբանանեան ոսկիի միջեւ, ըստ դեղի աստիճանին:

Երրորդ դեղը «Լիփոմաքս»ն է, որ քոլիսթերոլի համար է, շատ արագ ազդեցութիւն ունի, իսկ գինը դարձեալ յարմար է:

Բանախօսը յոյս յայտնեց, որ տարեսկիզբին աւելի քան 12 տեսակ նոր արտադրութիւններ իջնեն շուկայ: Ան խօսեցաւ անոնց արդիւնաւէտութեան մասին եւ ընդգծեց, որ անոնք յարմար գիներով պիտի ծախուին դեղարաններուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES