ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄ ԴԱՌՆԱԼ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր կոմիտէն համաձայն է, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը լիիրաւ պետութիւններու նման կազմակերպութեան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստանայ:
«ՄԻԿնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ կոմիտէի նիստին ընթացքին կատարուած քուէարկութեան ժամանակ Պաղեստինի լիիրաւ անդամակցութեան թեր քուէարկած են 40 երկիրներ, չորս երկիրներ դէմ քուէարկած են, իսկ չորս ուրիշներ ձեռնպահ մնացած:
Վերջնական որոշումը պիտի տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր ղեկավար մարմինը` Գերագոյն ընդհանուր ժողովը, որուն բացումը պիտի կատարուի 25 հոկտեմբերին` Փարիզի մէջ: Քուէարկութեան պիտի մասնակցին կազմակերպութեան անդամ 193 պետութիւններ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստանալու համար Պաղեստին պէտք է մասնակից երկիրներու երկու երրորդին զօրակցութիւնը ստանայ: Առայժմ Պաղեստինեան իշխանութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ դէտի կարգավիճակ ունի: