ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի աշխատաւորներուն տրուելիք յաւելումներուն թղթածրարը` նկատի ունենալով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կողմէ կատարուելիք ցոյցերուն մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Լիբանան գաղթած սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու: Ան նշեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանան հեռու մնայ Սուրիոյ դիմագրաւած միջադէպերէն եւ տագնապէն:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք սուրիացի գաղթականներուն կը մօտենայ զուտ մարդկային մօտեցումով:
Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը շուրջ հինգ հազար է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը անոնց սննդեղէն եւ դեղորայք կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ կը սերտէ անոնց զաւակները դպրոցներու մէջ արձանագրելու կարելիութիւնները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այդ գաղթականները կը ներառե՞ն նաեւ ընդդիմադիր սուրիացիները եւ սուրիական բանակէն փախուստ տուած զինուորականները, Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի քաղաքացիներուն օժանդակելու իր պատասխանատուութեան:
Այս ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ բողոք ստացած է սուրիացի ընդդիմադիրներու եւ փախուստ տուած զինուորներու մասին:
Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան միասնականութիւնը եւ չարտօնել, որ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները հասնին Լիբանան:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ շուրջ եօթը ամիսէ ի վեր Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի տնտեսութեան վրայ:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ապտել Հատի Մահֆուզի եւ ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տեղեկատուութեան մարզը առարկայական դառնալու կարիքը ունի: Ան նշեց սակայն, որ այդ մէկը միայն պետութեան պատասխանատուութիւնը չէ, այլեւ` պէտք է պետութիւն եւ լրատուամիջոցներ գործակցութիւն մը ստեղծել, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահով տեղեկատուական շրջանակ մը ստեղծել:
Միքաթի մաղթեց, որ իր այս կեցուածքը չմեկնաբանուի այնպէս մը, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի մէջ տեղեկատուական մարզի ազատութիւնը: «Ընդհակառակն` ես կը հաւատամ տեղեկատուութեան մարզի ազատութեան, որովհետեւ ան երկրին ժողովրդավարութեան հիմքը կը նկատուի», աւելցուց ան:
Մահֆուզ իր կարգին յայտնեց, որ վարչապետը պահանջեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդէն իր դերակատարութիւնը ունենալ լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդելու հոլովոյթին մէջ:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ասեմ Քանսօ, Նաուուար Սահիլի, Քամել Ռիֆայի, Ղազի Զաայթեր, Ուալիտ Սըքքարիէ, Մարուան Ֆարես եւ Ալի Միքտատ:
Երեսփոխան Սահիլի շեշտեց, որ ամօթալի են այն յայտարարութիւնները, որոնք հարաւային Լիբանանի սահմաններուն եւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն միջեւ նմանութիւններ կը գծեն:
Իր կարգին, Զաայթեր յայտնեց, թէ ոմանք կը մոռնան, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան եւ եղբայրութեան դաշինք կայ:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը, որուն հետ քննարկեց ընկերութեան վերաբերող հարցեր: