ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ` ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ժողով, որուն ներկայ եղան Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական յարանուանութիւններու, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչները: Ժողովի հիմնական օրակարգն էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ անցնիլ գործնական աշխատանքի եւ յառաջացնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմին: Արծարծուեցան կազմուելիք մարմնին հիմնական գործառոյթները, գործունէութեան ընդհանուր դաշտը եւ Հայաստանի պետութեան յառաջացուցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբին հետ համագործակցութեան եւ աշխատանքի համադրումի հնարաւորութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES