ԸՍՏ «ԿԱՐՏԻԸՆ»Ի ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԼՈՊԻԻ ՍՊԱՍԱՒՈՐ Է

Մարք Ֆիլտ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ բրիտանական հեղինակաւոր «Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, թէ Բրիտանիոյ խորհրդարանի պահպանողական երեսփոխան, հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Մարք Ֆիլտ «Ազրպէյճանի եւրոպական ընկերակցութիւն» կազմակերպութեան խորհրդատուական մարմինի անդամ դարձած է:

Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ երեսփոխանը ազրպէյճանցիներէն տարեկան վեց հազար սթերլինկ (9180 տոլար) կը ստանայ: 46-ամեայ Ֆիլտ խորհրդարանի հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ամէնէն երիտասարդ անդամն է: Յանձնախումբին կարեւորութիւնը ընդգծելու համար օրաթերթը կը նշէ, որ անոր բոլոր 9 անդամները վարչապետը անձամբ կը նշանակէ, եւ անոնք վարչապետին կը զեկուցեն: «Խորհրդարանի որեւէ այլ յանձնախումբ չունի այնքան լիազօրութիւններ, որքան հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբը», կը նշուի յօդուածին մէջ:

Ֆիլտ այս տարուան մայիսին հինգ օրով մեկնած է Ազրպէյճան, ուր հանդիպած է խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Իսկ 2010-ին ան Պաքուի մէջ մասնակցած է ՕԹԱՆ-ի խորհրդաժողովին: Կը նշուի, որ արքայազուն Էնտրիւ Պաքինկհամ պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆիլտի հետ եւ խնդրած, որ ան խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ աջակցի Ազրպէյճանի մէջ բրիտանական ներդրումային ծրագիրներուն:

Իսկ «Ազրպէյճանի եւրոպական ընկերակցութիւնը» ստեղծուած է 2008-ին եւ կոչուած է հին աշխարհամասին մէջ յառաջ մղելու Ազրպէյճանի շահերը: Մարք Ֆիլտ կը հաւաստէ, որ լոպիինկի իր գործունէութիւնը որեւէ ձեւով չի կրնար Բրիտանիոյ վնաս պատճառել: «Ես ստորագրած եմ գաղտնի փաստաթուղթերու պահպանման մասին պարտաւորագիրը եւ բնականաբար, չեմ կրնար որեւէ կարեւոր տեղեկութիւն փոխանցել Ազրպէյճանին», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES