ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶՕՐԱՒՈՐ ԿԱԶՄՈՎ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Հայաստանի ողի
մպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 29 մարտէն 3 ապրիլ Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը զօրաւոր կազմով պիտի մեկնի Գերմանիա:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի համաձայն, կազմին մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան այն ատեն միայն, երբ ըմբիշներէն ոեւէ մէկը վիրաւորուի:
Ստորեւ կու տանք Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող ըմբիշներուն անունները.
ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ (55 ՔԿ.).- Պէյճինկի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի արծաթէ եւ պրոնզէ մրցանակակիր եւ Եւրոպայի ախոյեան:
ՎԱՀԱՆ ՋՈՒՀԱՐԵԱՆ (60 ՔԿ).-
ՍԱՍՈՒՆ ՂԱՄԲԱՐԵԱՆ (66 ՔԿ).-
ԱՐՍԷՆ ՋՈՒԼՖԱԼԱԿԵԱՆ (74 ՔԿ).- Աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր եւ Եւրոպայի ախոյեան:
ԱՐԹՈՒՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (84 ՔԿ).-
ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ (96 ՔԿ).-
ԵՈՒՐԻ ՊԱՏՐԻԿԷԵՒ (120 ՔԿ).- Պէյճինկի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ մրցանակակիր եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան: