ՄԱՄԼՈՅ 60-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին եւ գործակցութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամին, երէկ` ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ«ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 60-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Մշակութային արտադրութիւնները համացանցի դարաշրջանին մէջ»: Դասախօսն էր հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուգասըզեան:
Լսարանին բացման խօսքը արտասանեց արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց դասախօսին գործունէութիւնն ու աշխատելադաշտերը: Ան հաստատեց, որ Չուգասըզեան իր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ պահպանելու հայութեան մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնն ու տնտեսութիւնը: Հերկելեան աւելցուց, որ Գարեգին Չուգասըզեանի հանրագիտարանային տեսաերիզները արժանացած են հայ թէ օտար հասարակութեան գնահատանքին եւ միջազգային մրցանակներու:
«Ազդակ»ի 60-րդ լսարանին առիթով` դոկտ. Մովսէս Հերկելեան մեծապէս գնահատեց «Ազդակ»ի գործունէութիւնը, «Փիւնիկ» սրահին հաստատումն ու դերակատարութիւնը
Ապա խօսք առաւ Գարեգին Չուգասըզեան, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արհեստագիտական մշակութային արտադրութիւններու դերակատարութեան մասին:
Ան նշեց, որ այսօրուան արհեստագիտական արդիական գործիքները պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ ունենան կեդրոնական խնդիրներ, քանի որ մնայուն ձեւով վիճակներ փոխելու վարժ են: Չուգասըզեան ըսաւ, որ նոր միջոցներուն դժուարութիւնները պէտք է յաղթահարել եւ առաւելութիւնները` օգտագործել:
Գարեգին Չուգասըզեան յայտնեց, որ անցեալին` գիրերու գիւտի հանգրուանին մեր ինքնութեան ցանցը վանքերն էին, իսկ այսօր` համացանցն ու համակարգիչն են: Դասախօսը ըսաւ, որ հայութիւնը արհեստագիտական նոր ձեռքբերումները առաւելագոյն չափով պէտք է օգտագործէ` պահպանելու ինքնութիւնը եւ ծանօթացնելու իր արժէքներն ու խնդիրները: Այս գծով, ան աւելցուց, որ այսօր հայութիւնը պետութիւն ունի եւ կը հեռանայ իր ինքնութենէն, երբ անցեալին, Եղեռնի ժամանակաշրջանին, վատ պայմաններու եւ բռնութիւններու տակ, ամէն ճիգ կը թափէր պահպանելու իր էութիւնը:
Ապա Գարեգին Չուգասըզեան ներկայացուց երկու մալթիմիտիա խտասալիկներ, որոնցմէ առաջինն է «Արամ Խաչատուրեան. կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը», իսկ երկրորդը` «Հայ մեծ եղեռն. 1915-1923»: Իւրաքանչիւր խտասալիկ տեղեկութիւններու, լուսանկարներու, վկայութիւններու, ժամանակագրական կարգի եւ փաստաթուղթերու մեծ աղբիւր մըն է:
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խտասալիկին մէջ նաեւ տեղ գտած էին մշակութային եղեռնը, թրքական վկայութիւններ, վրիժառու բազուկները, քարտէսներ եւ այլն…
Դասախօսութենէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան Չուգասըզեանի հետ զրուցելու եւ շարունակելու քննարկումները: