ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած արշաւը մերժելի է, աւելցնելով, որ Պշարա Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքները հաւասարակշռուած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին անձնական  ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ կը յայտնէ, թէ Պէյրութի մէջ Էսքուայի կեդրոնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ Արեւելքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը յայտնեց, թէ ինք լաւատես է Սուրիոյ մէջ տագնապին աւարտին առիթով: Ան շեշտեց, որ ինք Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութեան մասին մտավախութիւն չունի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի սպառնացած է հրաժարիլ իր պաշտօնէն, եթէ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն դէմ գործէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան  Մոհամետ Քապպանի ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն խնդրեց ձերբակալել Հատաթի մէջ արձանագրուած միջադէպին պատասխանատու յանցագործները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը տեղեկատուական շրջանառութենէ դուրս բերել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ նոր Միջին Արեւելքը կրնայ միայն դիմադրող Միջին Արեւելք ըլլալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ փոխ ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող կացութեան յայտնեց, որ Իսրայէլ մտահոգ է եւ ոչ թէ` իրենք:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ Վերա Եամմին անոր անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունի` անոր զաւկին նահատակութեան առիթով:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապրուստի եւ բարգաւաճման հարցեր քննարկեց ժողովրդային պատուիրակութիւններու հետ:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա վարչապետ Նեժիպ Միքաթին տեղեակ պահած է, թէ Հըզպալլա կը մերժէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցած պետական պիւտճէի նախագիծը քննարկումի ենթակայ է: Ան հաստատեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը սպառնայ կառավարութեան հիմերուն:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծը կարելի պիտի չըլլայ վաւերացնել:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը  ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ: Շարպել շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ապահովական հաստատութիւնները հեռու պահել քաղաքականութենէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուելիք որեւէ պատժամիջոց դէպի մագլցում պիտի առաջնորդէ եւ Ապահովութեան խորհուրդը պիտի վերածէ ՕԹԱՆ-ի որոշումները հրապարակելու կեդրոնի մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի եւ Ռումանիոյ դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի դասախօսներու լիկայի նախագահ Շարպել Քֆուրի յայտնեց, որ լիկան բաց գործադուլ յայտարարած է` խստիւ բողոքելով իրենց պահանջներուն նկատմամբ կառավարութեան ցուցաբերած անտարբերութեան դէմ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները կատարելու մեքանիզմը քաղաքականացած է. ան շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ քաղաքական միացեալ ուղեգիծ գոյութիւն չունի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քամել Ռիֆայի նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հիմնումին օրինականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ պետական նշանակումները քաղաքական են եւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում կատարելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը պէտք է կանչել եւ անոր հարց տալ սուրիական բանակին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութեան մասին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մույին Մերեհպի անդրադարձաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած սահմանային խախտումին` դիտել տալով, որ ինք կը մաղթէր, որ լիբանանեան բանակը պաշտպանէր սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող այն բնակարանները, որոնք կրակոցի ենթարկուած էին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ Լիբանան շատ սուղ պիտի վճարէ միջազգային բանաձեւերուն մէջ թերացումի գինը, եթէ ան իր յանձնառութիւններուն գործադրութիւնը զլանայ:

ՆԱԽ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խանգարելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը եւ սահման մը ճշդելու համար միջազգային արդարութեան:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հրատարակուող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Միացեալ Նահանգներէն յաղթական վերադարձած է` նկատի ունենալով ամերիկացի պատասխանատուներուն կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումին հարցը կարելի է երկխօսութեամբ լուծել` ապահովելով Լիբանանի շահերը: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը կը ջանայ որդեգրել այնպիսի միջոցներ, որպէսզի լաւագոյնս կարենայ ծառայել լիբանանցի քաղաքացիին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը զարմանք յայտնեց, որ կառավարութիւնը քար լռութիւն ցուցաբերած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ սուրիական ուժերուն կողմէ արձանագրուած սահմանային խախտումին առնչութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դարձած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները արգելակելու հովանաւորը: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կրնայ ձախողիլ, եթէ ան մերժէ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած երկխօսութեան կոչերը քաղաքական ուժերուն կողմէ ողջոյնի չէ արժանացած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան այցելեց Մեթնի եւ Ալէյի շրջանները, ուր հաստատեց, որ իրենք դէմ են Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES