ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատաւորներուն պահանջները եւ համաձայնութիւն գոյացաւ խորհրդակցութիւնները շարունակել` ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբին կողմէ պատրաստուելիք տեղեկագիրը աւարտելէ ետք:
CATEGORIES Լիբանանեան