«ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՇՐՋԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՐԱԳԱՑՆԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀԱՍԱՆՈՎ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով յայտնած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի շրջան այցելութիւնը թոյլ պիտի տայ արագացնել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:
«Սարքոզիի շրջան այցելութիւնը կրնայ աշխուժացնել Հարաւային Կովկասի մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը: Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, հոլովոյթին վրայ ազդելու կարելիութիւն ունի: Այս առումով` Նիքոլա Սարքոզիի այցելութիւնը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ», ըսած է Հասանով:
Սարքոզի երէկ Հայաստանէն մեկնեցաւ Ազրպէյճան, որմէ ետք ալ պիտի այցելէ Վրաստան:
CATEGORIES Հայկական


