ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԻԱ
Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին` անոր զաւկին` Սարիայի սպանութեան առիթով:
Զօր. Ապպաս Իպրահիմ շէյխ Հասսունին յայտնած է, որ նախագահ Սլէյման կը ցաւակցի միւֆթիին ընտանիքին եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին` շեշտելով, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ անմեղ քաղաքացիները թիրախ դարձնողը միացեալ թշնամին է:
Իր կարգին, միւֆթի Հասսուն շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին եւ աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ իրենք սուղ կը վճարեն եւ արիւն կը թափեն` Դիմադրութեան կառչած մնալու եւ զօրակցելու իրենց կեցուածքներէն անշեղ մնալնուն պատճառով:
Միւս կողմէ, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, զօր. Իպրահիմ Սուրիոյ մէջ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական միացեալ սահմանը հակակշիռի տակ առնելու անհրաժեշտութիւնը: