ՄԻՔԱԹԻ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏՈՂ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ

Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն պահ մը

Մինչ աշխատավարձերու յաւելման եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման թղթածրարները կը շարունակեն յուզել երկիրը, իսկ 48 ժամ ետք կատարուելիք աշխատաւորական գործադուլը կը մնայ առկայ, այսօր կէսօրէ առաջ տեղի պիտի ունենայ նիստ մը, որ պիտի քննարկէ աշխատավարձերու յաւելման մանրամասնութիւնները:

Նիստը պիտի գումարուի աշխատավարձերու յաւելման կարելիութիւնները սերտող նախարարական յանձնախումբին կողմէ` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետարանին մէջ գումարուելիք այս նիստին ընթացքին աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս ներկայացնէ առաջարկ մը` ընդառաջելու համար բոլոր կողմերուն պահանջներուն:

Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը պատրաստ է իր խորհրդակցութիւնները շարունակելու վարչապետին եւ նախարարաց խորհուրդին հետ, որոնք աշխատավարձի յաւելումները որոշող հիմնական պատասխանատուներն են:

Ղոսըն մաղթեց, որ կարելի ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել նախքան յառաջիկայ չորեքշաբթի օր:

Այլ գետնի վրայ, շաբաթավերջին, վարչապետ Միքաթի ընդունեց տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի եւ ներկայութեամբ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջները, յատկապէս նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման առումով:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ոչ ոք դէմ է լիբանանցի քաղաքացիին աշխատավարձին յաւելումներ տրամադրելու առաջարկին, սակայն ատիկա պէտք չէ ըլլայ Լիբանանի արդիւնաբերութեան հաշուոյն: «Հետեւաբար, անհրաժեշտ է լաւ սերտել այդ յաւելումները` առաջքը առնելու համար ստեղծուելիք անգործութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ հարկ է ամէն ջանք ի գործ դնել աշխուժացնելու համար Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (Տաման) աշխատանքը, որպէսզի անոր ընկերային ծառայութիւնները գերակշիռ ըլլան լիբանանցի քաղաքացիին կեանքին մէջ:

Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ պէտք է նաեւ մշակել երկրին ընկերային մարզին վերաբերող ամբողջական քաղաքականութիւն մը:

Իր կարգին, Ատնան Քասսար շեշտեց, որ երկրին ընկերային մարզը կարելի է բարելաւել ընկերային մարզին մասին ամբողջական քաղաքականութեան մշակումով եւ ոչ թէ աշխատավարձի յաւելումով:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսօ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES