ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԿԼԵՆՏԷՅԼ ՄԵՄՈՐԻԸԼ ՀՈՍՓԻԹԸԼ»

«Այստեղ ենք յարգանք մատուցելու այն աշխատանքին, որ կը կատարուի հիւանդանոցներուն մէջ, ի նպաստ մարդոց ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութեան պահպանման: Ձեր գործը սոսկական աշխատանք չէ, այլ առաքելութիւն, որ կ՛արժեւորուի հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ: Այս իմաստով, բժիշկներդ ու հիւանդանոցին մէջ ծառայողներդ նման էք հոգեւորականներուն, որոնց առաքելութիւնը եւս կ՛արժեւորուի մարդոց ֆիզիքական ու հոգեկան բժշկութեամբ», յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս` խօսքը ուղղելով Կլենտէյլի «Մեմորիըլ Հոսփիթըլ»ի պատասխանատուներուն ու անձնակազմի ներկայացուցիչներուն, հիւանդանոց իր այցելութեան առիթով:

Վեհափառին Կլենտէյլի հիւանդանոց այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերի առաւօտուն` ընկերակցութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի: Հիւանդանոցի մուտքին, վեհափառն ու շքախումբը դիմաւորուեցան հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Մարք Մայըրզի եւ խորհուրդի այլ անդամներու կողմէ:

Վեհափառ հայրապետն ու ընկերակիցները այցելեցին հիւանդանոցի կարգ մը սենեակները, ուր մանուկներ խնամքի ենթակայ են: Ապա, հիւր ու հիւրընկալ խմբուեցան հիւանդանոցի մէկ հիւրասրահը, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն ու հիւրասիրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES