ՀՄԸՄ-Ի ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ` ՊԱՏՐԱՍՏ
Կիրակի, 9 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի հեծելարշաւի տղոց ախոյեանութիւնը, որ կը բաղկանայ հինգ հանգրուաններէ. անիկա պիտի աւարտի 6 նոյեմբեր 2011-ին:
ՀՄԸՄ-ի խումբերը` Պուրճ Համուտ, Պէյրութ, Անթիլիաս եւ Այնճար, ամիսներէ ի վեր արդէն իսկ կը կատարեն իրենց լուրջ փորձերը` հսկողութեամբ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ եւ Լիբանանի ախոյեան Ժան-Փիեռ Ֆարժալլայի եւ խումբի օգնական Կարինէ Օհանեանի:
Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը նախորդ 6 տարիներուն ընթացքին խլած է 4 յաջորդական խմբային ախոյեանութեան եւ 2 անհատական ախոյեանութեան տիտղոսներ:
Կը մաղթենք, որ այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի խումբերը տիրանան ախոյեանութեան տիտղոսին` շարունակելով ՀՄԸՄ-ի` այս մարզին մէջ նուաճած աւանդութիւնը:
CATEGORIES Մարզական


