ՍԱՐՔՈԶԻԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՆԴԴԷՄ ՕՊԱՄԱՅԻ «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻՆ» ԿԱՄ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԱՌՈՒՄ

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի այցելութիւնը Հայաստան-Վրաստան-Ազրպէյճան կը շարունակէ գրաւել ինչպէս հայկական, այնպէս նաեւ շահագրգռուած կողմերուն եւ յատկապէս թրքական լրատուական, հասարակական եւ պետական շրջանակներուն ուշադրութիւնը: Ակներեւ է Հայաստանի եւ կովկասեան միւս հանրապետութիւններուն միջեւ Սարքոզիի տուած այցելութեան տարողութեան տարբերութիւնը` թէ՛ տեւողութեան եւ թէ՛ բովանդակութեան առումներով: Այս դիտարկումի առաջին կէտն է:

Որքան ալ տրամաբանական ըլլայ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն ֆրանսահայ համայնքի զանգուածային քուէն շահելու շարժառիթային գործօնի գերադասումը, այնուամենայնիւ հայ վերլուծական միտքին համար ճիշդ պիտի չըլլայ բացառապէս այս կէտով բացատրելը Սարքոզիի կատարած բոլոր յայտարարութիւնները: Տրամաբանութենէ զուրկ չէ նաեւ մրցակից ընկերվարականներէ կարեւոր խաղաթուղթ մը յափշտակելու մարտավարութեամբ բացատրուող Սարքոզիի ներկայացուցած վերջնագիրը Թուրքիոյ: Չմոռնանք, որ նախընտրական խոստումը չյարգած ըլլալու սուր քննադատութեան թիրախ էր գործող նախագահը:

Տակաւին. շարունակենք մէջբերել` «Ցե՛-ղա՛ս-պա-նո՛ւթ-իւնը՛» հայերէն վանկարկումն ու «կեցցէ՛»ներու շարքը, աւելցնելով մէկ երեւոյթ: Համակրանք հաւաքելու տրամադրութենէն անդին միտումը կա՞ր, թէ՞ ոչ հայերէնով «Ցեղասպանութիւնը» հակադրելու ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հայերէնով օգտագործած «Մեծ եղեռն»ին, որ այս պարագային առաջադրուած եզրոյթի գործածութենէ խուսափումի մեկնաբանութենէ տարբեր որեւէ բացատրութիւն չունէր:

Նուազ կարեւոր հանգամանք չեն ներկայացներ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ դնելու եւ այդպիսով ֆրանսայի կեդրոն-աջ ուժերու համակրանքի վերահաստատումը շահելու` վերընտրութեան համար թեկնածու ներկայացող գործող նախագահին մօտեցումները:

Նոյն սրութեամբ չէին անշուշտ Ղարաբաղի հարցին մասին Սարքոզիի կատարած յայտարարութիւնները: Խաղաղութիւն հաստատելու եւ գոյավիճակը փոխելու առաջադրանքը հիմնական նորութիւն չէր պարփակեր իր մէջ: Պաքուն, սակայն, անհանգստութիւն ցուցադրեց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն դիմաց` չմոռնալով նաեւ սահմանը բանալու ուղղութեամբ դրուած պահանջը: Ի վերջոյ պէտք էր ուղղակի-անուղղակի յիշեցնել սահման բանալու համար ղարաբաղեան հարցի լուծման նախապայմանը:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք չէ մտահան ընել մէկ յստակ իրականութիւն: Ժխտողականութեան քրէականացումը, ըստ հրապարակային յայտարարութեան, ամիսներու խնդիր է: Իսկ այս մէկը զուտ նախընտրական հիմնաւորումներով բացատրելը ճիշդ չէ: Ֆրանսայի կովկասեան քաղաքականութիւնը, Մինսքի խմբակին համանախագահութիւնը, Հայաստան-Ֆրանսա միջպետական յարաբերութիւնները գործօններ են, զորս նկատի պէտք է ունենալ ֆրանսահայ համայնքի քուէի նկատառման եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թղթածրարին կողքին:

Այլ խօսքով, վերլուծումը աւելի մասնակիացնելով, հայկական դաշտին մէջ երբ միաժամանակ թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ պետական գործօններու կուտակում տեղի ունենայ, իրադրութիւնները կրնան յանգիլ նման արդիւնքի:

Կարեւորը այն է, որ հայկական տեղեկատուութիւնը Թուրքիան հարուածող նման յայտարարութիւններ չնսեմացնէ զուտ ընտրական բացատրութիւններով` ըմբռնելով հանդերձ այդ շարժառիթներուն իրողութիւնը: Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ կ՛ուղղուինք դէպի ժխտողականութեան քրէականացում:

 

Share this Article
CATEGORIES