ԷՐՏՈՂԱՆ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ Երեւանէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Թուրքիոյ ուղղած իր կոչին համար բուռն կերպով քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:

«Ֆրանսայի նախագահը ընտրութիւններուն մէջ օգտագործելու քայլով մը Թուրքիոյ որոշ խրատ մը տուաւ: Դուք նախ եւ առաջ այդպիսի խրատ մը դուք ձեզի պէտք է տաք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այսքան դէմքերով քաղաքական ղեկավար մը չի կրնար ըլլալ: Քաղաքականութիւնը անկեղծութիւն կը պահանջէ»:

Էրտողան յիշեցուց, որ «Ֆրանսայի մէջ շուրջ 600 հազար հայ եւ 500 հազար թուրք կայ: Երկու երկիրները յարաբերութիւններ ունին: Սակայն եթէ դուք չէք կրնար տեսնել իրականութիւնը, կ՛ընտրէք երկակի դիրքորոշում միայն այն պատճառով, որ այս երկու խումբերէն եկող տնտեսական ներուժը տարբեր է, ներողութիւն, սակայն Թուրքիան կարկանդակի կտոր չէ: Պետական այր մը պէտք է յառաջիկայ սերունդները նկատի ունենալով գործէ եւ ոչ թէ յառաջիկայ ընտրութիւնները»:

Թուրքիոյ վարչապետը Սարքոզին ամբաստանեց «յառաջիկայ տարուան ֆրանսական ընտրութիւններուն նախօրեակին Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքի զգացումները շոյելու» յանցանքով: Ան Ֆրանսայի նախագահը ամբաստանեց նաեւ «այս ենթադրեալ պատմութիւնը (Հայոց ցեղասպանութիւնը «Ա.») շահագործելու յանցանքով` փորձելու սիրաշահիլ Ֆրանսայի մէջ հայերը, որոնց թիւը շուրջ 600 հազար է»:

«ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ, ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԶԻՍ Կ՛ԱՏԵՆ, ԱՅՆՊԷՍ ՈՐ, ԽՆԴԻՐ ՉԷ»

Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր խորհրդականներուն հետ քննարկումի որեւէ ափսոսանք չէ յայտնած օրեր առաջ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կատարած յայտարարութեան համար:

Թրքական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով ֆրանսական մամուլը, կը տեղեկացնեն, որ Սարքոզիի խորհրդականները զգուշացուցած են Անգարայի կողմէ սպասուելիք լուրջ հակազդեցութենէն, սակայն Ֆրանսայի նախագահը պատասխանած է ըսելով. «Ըստ Էութեան, թուրքերը զիս կ՛ատեն, այնպէս որ, խնդիր չէ»:

Share this Article
CATEGORIES