ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԺՈՐԵՍ ԱԼՖԻՈՐՈՎԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց բնագիտութեան մարզի նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի փոխնախագահ, Պետական տումայի երեսփոխան Ժորես Ալֆիորովը: Ողջունելով նշանաւոր գիտնականը` նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց գիտակրթական կապերու ամրապնդումը հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան ծիրին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ հարուստ պատմութիւն եւ աւանդութիւններ ունեցող այդ համագործակցութիւնը հիմք դառնայ գիտական նոր ձեռքբերումներու` ի շահ համայն մարդկութեան եւ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն:
Ան նաեւ շնորհաւորեց Ալֆիորովը Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր անդամ ընտրուելուն առիթով: Զրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան եւ նշանաւոր գիտնականը անդրադարձան ժամանակակից գիտութեան զարգացման հեռանկարային մարզերուն, քննարկեցին գիտական աշխատանքի կազմակերպման եւ նոր արհեստագիտութիւններու խրախուսման հարցերը: