ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ ԼՔԵՑ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ

Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունեցած կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք, Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը վերադարձաւ հայրենիք` 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը միայն ապահովելով:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեան հայրենի լրագրողներուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն լաւապէս պատրաստուած էինք, սակայն չկրցանք յաղթել հոգեբանական արգելքը: Բնականաբար ազրպէյճանցիները թոյլ պիտի չտային, որ իրենց հողային տարածքին վրայ բարձրանար Հայաստանի հանրապետութեան դրօշակը: Ինչպէ՞ս կարելի էր յաջող ելոյթ ունենալ, երբ մեր կռփամարտիկները իրենց ճակատումները կատարելու ընթացքին միշտ այն վախը ունէին, որ յանկարծ քար մը պիտի ստանային ազերիներէն: Անոնք, որոնք ըսին, թէ մեր ուղղութեամբ քարեր չնետուեցան (որոնց կարգին պատուիրակութեան նախագահ Գաբրիէլեան), այդ մէկը յայտարարեցին վախի ազդեցութեան տակ: Նոյնիսկ ես ալ քարի հարուած մը ստացայ»:

Ան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէն դժգոհ մնաց արձանագրուած արդիւնքներէն: Սակայն նուազագոյնը յաջողեցանք տոմս մը ապահովել, բան մը, որ Ֆրանսայի նման երկիր մը չյաջողեցաւ կատարել: Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, որ զիս յաջորդող մարզիչը աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ»:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ Մեհրապեանի փոխարէն նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակեց փորձառու Կարէն Աղամալեանը, իսկ Ֆետիա Ալեքսանեան նշանակուեցաւ անոր օգնականը:

Երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դերենիկ Ոսկանեան պահեց իր պաշտօնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES