50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 19 ՄԱՐՏ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Անցած կիրակի, մարտ 12-ին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի սրահին մէջ բազմաթիւ գրասէրներու եւ ուսանողներու ներկայութեան հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տուաւ, ընկերային հարցերու մասնագէտ Ոսկեբերան Արզումանեան:

Հայագիտութեան ամպիոնին վարիչը` հայր Յովհաննէս Մսըրեան ներկայացուց օրուան դասախօսը: Ո. Արզումանեան, ապա, մասնագիտական վերահասութեամբ ներկայացուց իր այնքան այժմէական եւ հետաքրքրական նիւթը` ընկերային ապահովագրութեան լիբ. օրինագիծը, որ լարուած ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներէն: Դասախօսը տնտեսական կացութեան եւ քաղաքական վիճակին միջեւ ուղիղ համեմատութիւն տեսնելով` թուեց պատճառները առաջինին անկայունութեան, որ կ՛ազդէ երկրորդին վրայ:

Ո. Արզումանեան յայտնեց, թէ արդէն մշակուած է ընկերային բարեկարգութեան յատուկ ծրագիր մը, որ քննութեան տակ է եւ շուտով, հարկ եղած բարեփոխութեան ենթարկուելէ ետք, գործադրութեան պիտի դրուի:

Դասախօսը պատմեց անցեալ դարուն աշխատաւորներուն ենթարկուած ողբերգական վիճակին մասին, նոյնիսկ օրինակներ տուաւ հայկական կեանքէն` յիշելով Պոլսոյ խաներուն մէջ գաւառէն եկած հայ աշխատաւորներուն թշուառ վիճակը:

Անդրադառնալով լիբանանեան օրինագծին` յայտնեց, թէ ան կը բաղկանայ 90 յօդուածներէ` 18 վարչական, 72 ապահովագրական:

Ծափերու տարափին տակ վերջ տուաւ իր խօսքերուն. ապա հարցումներ ուղղուեցան, որոնց պատասխանեց կատարեալ ձեռնհասութեամբ:

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ`
ՄԱԶՐԱԱ ՄՍԷՅԹՊԷԻ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը քսանէ աւելի մասնաճիւղերուն վրայ աւելցած է նոր մը` Մսէյթպէ-Մազրաա թաղերուն մէջ:

Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած է նոր մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը` կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան:

Մասնաճիւղը ընտրած է իր առաջին վարչութիւնը, որուն անդամներն են` Զարուհի Պոյաճեան, Աննիկ Կեմիճեան, Փերուզ Պիլալեան, Ազնիւ Արսլանեան, Բերկրուհի Եսայեան, Հայկուհի Պիլալեան եւ Շաքէ Անտոնեան:

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան, որ հետզհետէ կարեւորութիւն ստացող շրջանի մը մէջ գործունէութեան լայն դաշտ մը պիտի գտնէ իր առջեւ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է արուեստի ցուցահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ 29 – ապրիլ 9, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Գեղարուեստի այս ցուցահանդէսը  բաղկացած պիտի ըլլայ հետեւեալ բաժիններէն` նկարչութիւն, գծագրութիւն, մանրանկարչութիւն, սերամիք արձանագործութիւն (քար, փայտ, մետաղ) եւ «փրոժէ տէքորաթիֆ» (աֆիշ, վիթրայ, գիրքերու կողքեր, խճանկար եւ այլն):

Ցուցադրուելիք գործերը զտումի պիտի ենթարկուին այս առթիւ կազմուած յանձնախումբի մը կողմէ, որուն անդամներն են` Լիւսի Ներսէս, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Էլօ Տէր Մելքոնեան եւ Զաւէն Խըտըշեան:

Բոլոր հայ արուեստագէտներուն ընծայուած գեղեցիկ առիթ մըն է այս ցուցահանդէսը` իրենց լաւագոյն գործերով ներկայանալու համար հասարակութեան: Գործերը կ՛ընդունուին մարտ 16-23, ամէն երեկոյ ժամը 5-7, «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES