ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ` «ԱԶԴԱԿ»Ի խՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ

Միքայէլ Պօղոսեան, Սիւզան Շահպազեան եւ Կարպիս Թիթիզեան

Երէկ յետմիջօրէին, «Ազդակ»ի հիւրերն էին հայրենի հանրածանօթ արուեստագէտներ Սիւզի Շահպազեան, Միքայէլ Պօղոսեան եւ «Լեւոն Թրեվըլ» ընկերութեան տնօրէն Կարպիս Թիթիզեան:

Հայրենի արուեստագէտները կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուին Լիբանան: Անոնք տեսահոլովակի պատրաստութեան համար  նկարահանումներ  կատարեցին Ժիպէյլի ամփիթատրոնին մէջ: Այս աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մշակութային ոլորտի բազմաթիւ իրագործումներու հովանաւորն է «Լեւոն Թրեվըլ» ընկերութեան տնօրէն Կարպիս Թիթիզեան:

«Ազդակ»ի տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած էին հայրենի մշակութային կեանքի պարզած այսօրուան իրավիճակին եւ անոր կապուած տարբեր խնդիրներու վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES