ԸՍՏ «ԵՆԻ ՇԱՖԱՔ»Ի ԹԵՀՐԱՆ ՔԱՐԱՅԸԼԱՆԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԱԾ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԵՏՔԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԱԾ Է

Մուրատ Քարայըլան

Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը` վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրները, կը գրէ, որ Իրանի իշխանութիւնները ամիսներ առաջ ձերբակալած, ապա որոշ ժամանակ ետք ազատ արձակած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլանը:

Թրքական թերթը կը գրէ, որ Իրանի յատուկ ծառայութիւնները Քարայըլանի հետ միասին ձերբակալած եւ Ուրմիա քաղաք տեղափոխած էին նաեւ ՔԱԿ-ի քանի մը ներկայացուցիչներ: Սակայն աւելի ուշ կատարուած բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, Քարայըլան եւ քիւրտ մնացեալ զինեալները ազատ արձակուած են:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան օգոստոսին իրանեան լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ ԱլաԷտտին Պուրուճերտիի յայտարարութիւնը, շրջանառութեան մէջ դրած էին այն տեղեկութիւնը, թէ իրանեան կողմը ձերբակալած է ՔԱԿ-ի թիւ երկու դէմքը` Մուրատ Քարայըլանը: Աւելի ուշ այդ տեղեկութիւնը հերքուած էր:

Share this Article
CATEGORIES