ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եգիպտոսի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ալաէտտին Սաատ Լէյիս:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնելուն առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ ան իր գործունէութեամբ նպաստէ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման եւ ամրապնդման:
Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր նկատեցին քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն զուգահեռ տնտեսական մշակութային կապերը աւելի եւս զարգացնելու եւ խորացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական կայունութեան հաստատումը նպաստէ նաեւ տնտեսութեան զարգացման եւ այդ մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացման:
Նախագահ Սարգսեան եւ Եգիպտոսի դեսպանը հայ-եգիպտական կապերու ամրապնդման գործին մէջ մեծապէս կարեւոր նկատեցին նաեւ եգիպտահայ համայնքին դերը: