ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ ԻՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ ԵՒ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԳԾՈՎ
Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ շարունակեց իր քննարկումները աշխատավարձերու յաւելման եւ օրուան հրատապ հարցերուն գծով:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած ժողովին աւարտին, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ ժողովականները վաւերացուցած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջարկած յաւելումները:
Կառավարութիւնը նաեւ վաւերացուցած է լիբանանեան բանտերու (յատկապէս` Ռումիէի) կառուցողական թէ կեցութեան պայմաններու բարելաւման գծով ներկայացուած զոյգ առաջարկ-տեղեկագիրները:
Արծարծուած այլ հարցերու կողքին ժողովականները նաեւ վաւերացուցած են զօր. Ռոպէր Ժապպուրի նշանակումը իբրեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր փոխ հրամանատար:
Նախարար Տաուք աւելցուց նաեւ, որ նիստի բացման իր խօսքին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «անհրաժեշտ նախաքայլ» նկատած է աշխատավարձերու յաւելման որոշումը` երկրի ապրուստի պայմաններու բարելաւման ճիգերուն ծիրին մէջ, խոստանալով շարունակել լրացուցիչ քայլերը, յատկապէս սղաճի կանխարգիլման, չարաշահումներու խափանման եւ ապրուստի հրատապ հարցերու դիմագրաւման ճիգերու ծիրին մէջ: Միքաթի շեշտած է նաեւ, որ յաւելումը կ՛ընդգրկէ պետական թէ սեփական մարզերու պաշտօնեաներու եւ աշխատաւորներու ամսաթոշակները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ողջունած է լիբանանեան ֆութպոլի ազգային խումբի կազմն ու անոր պատասխանատուները` 2014-ի Պրազիլի աւարտականին մասնակցելու իրենց արձանագրած նուաճումին գծով` խոստանալով ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերել երիտասարդութեան եւ մարմնակրթանքի նախարարութեան քայլերուն: