ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր` հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին, Քրաքովի մէջ (Լեհաստան) տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 14:00-ին:

Երէկ Եու. Է. Էֆ. Ա.ն յայտարարեց, որ Փորթուգալ, Խրուաթիա, Այիր եւ Չեխիա պիտի ըլլան դասուած խումբերը:

Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք իրենց դէմ պիտի ունենան հետեւեալ չորս խումբերէն մէկը` Թուրքիա, Պոսնիա, Էսթոնիա կամ Մոնթենեկրօ:

Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 11-12 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 15 նոյեմբերին:

Նշենք, որ յառաջիկայ տարուան յունիսին Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2 դեկտեմբերին` Քիեւի մէջ (Ուքրանիա):

Share this Article
CATEGORIES