ԱՆԳԱՐԱ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ Պաքուի իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած, որ Թուրքիա անհրաժեշտ ռազմական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Ազրպէյճանին:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, թէ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի բանակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
CATEGORIES Միջազգային


