ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ

Եւրոպական յանձնախումբը հրապարակած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճամբուն վրայ Թուրքիոյ յառաջընթացին մասին հերթական զեկուցումը:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ զեկուցումին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Էրկենեքոն ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ «Պալեոզ» յեղաշրջման ծրագիրի դէմ տեղի ունեցող դատական գործընթացներուն եւ կը նշուի, թէ այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցող զարգացումները ժողովրդավարութեան հաստատման տեսանկիւնէն կարեւոր են:

Բացի այդ, զեկուցումին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ամիսներ առաջ թրքական բանակի սպայակոյտի հրաժարականին եւ իբրեւ դրական զարգացում կ՛արձանագրուի բանակի նկատմամբ քաղաքացիական վերահսկողութիւն հաստատելու փորձերը:

Զեկուցումին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ նոր սահմանադրութեան որդեգրումը պիտի նպաստէ քրտական հարցի կարգաւորման, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման եւ հիմնարար ազատութիւններու ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող թերութիւններու վերացման:

«Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը պարտաւորուած են ստեղծել այնպիսի սահմանադրութիւն, որուն հիմքը պէտք է կազմեն հիմնարար ազատութիւնները: Այդ գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւուած ըլլան ե՛ւ կուսակցութիւնները, ե՛ւ հասարակական կազմակերպութիւնները», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումին մէջ մտահոգութիւն կ՛արտայայտուի Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան ոտնահարումներու եւ մամլոյ ազատութեան սահմանափակումներու առնչութեամբ: Գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւնները ալ աւելի կը խորացնեն լրագրողներու ձերբակալութիւններու եւ Էրկենեքոնի գործի վերաբերեալ գիրքի բնօրինակի գրաւման դէպքերը: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումներուն համապատասխան խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնները ապահովելու համար Թուրքիա պէտք է օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարէ», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումին մէջ նաեւ կը քննադատուի թրքական իշխանութիւններու` քիւրտ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու դէմ ճնշումներն ու ձերբակալութիւնները եւ կը նշուի, որ այդպիսի դէպքեր բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան կողմերու միջեւ երկխօսութեան ծաւալման փորձերուն վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES