«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէն բաժինը վերաթարմացուելով արդէն իսկ իր ընթերցողներուն կը հաղորդէ ամսուան նորութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր յօդուածներ, գրութիւններ, վերլուծականներ` հայութեան եւ շրջանի զարգացումներուն վերաբերող:
Այս ամսուան առաջին խմբագրականը «Համայնքային կամուրջներ» խորագիրը կրող «Ազդակ»ի խմբագրականն է, ինչպէս նաեւ իբրեւ յօդուած նկատի առնուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ֆրանսայի օրէնքին վերաբերող յօդուածն ու «Ազդակ»ի առաջնորդող ակնարկը, որ կը վերաբերի Շարլ Ազնաւուրի դեսպան նշանակման, անոր կատարած յայտարարութիւններուն եւ այս բոլորին իբրեւ անդրադարձ ստեղծուած կացութիւններուն:
Արաբերէն կայքէջը նաեւ ներկայացուցած է «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ունեցած հարցազրոյցն ու անոր դրսեւորած կեցուածքները:
Լուրերու բաժինին մէջ բաւական ընդարձակ կերպով անդրադարձ կը կատարուի Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Հայաստան տուած այցելութեան, Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ անոր կատարած յայտարարութիւններուն եւ այդ յայտարարութիւններուն առնչութեամբ դրսեւորուած կեցուածքներուն: Յատկանշական է նաեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Հայաստան տուած այցելութեան վերաբերող լրատուութիւնը, որուն մէջ մասնաւորաբար շեշտը կը դրուի հայութեան մասին լիբանանցի ղեկավարին կատարած յայտարարութիւններուն վրայ: Այս բաժինին մէջ կան նաեւ մշակութային, ազգային եւ մարզական իրադարձութիւններուն մասին լուրեր ու տեղեկութիւններ:
Կայքէջին վրայ տեղ գտած գրութիւններու շարքին են նաեւ Նորա Արիսեանի կողմէ պատրաստուած եւ սուրիահայ երեսփոխաններուն մասին նոր հրատարակուած գիրքին վերաբերող տեղեկութիւններն ու անոր արժեւորումը:
«Բարեկամները կը գրեն» բաժինով կը կարդանք Հայաստանի մէջ տակաւին պահպանուող եւ մեծ արժէք ներկայացնող գորգագործութեան մասին