ՍԵԼԻՄ ՀԸՍ ՀԱՇԵՄԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՏԵՂԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հըս եւ երեսփոխան Հաշեմ

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հաշեմ շեշտեց, որ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը գործեն մղուելով ամերիկեան եւ եւրոպական շահերէ եւ ոչ թէ Լիբանանի գերագոյն շահերէն:

Հաշեմ դիտել տուաւ, որ վերջին հանգրուանին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ արտայայտուած բոլոր կեցուածքներն ու անոնց կատարած արկածախնդրութիւնները, իրենց բոլոր մակարդակներով, յարձակողական էին եւ ոխակալ` ներքին լիբանանեան թէ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առումով:

Ան հաստատեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները բարեկարգումներ իրագործելու եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու նպատակով չէ, որ կ՛արձանագրուին, այլ` շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւն գործադրելու եւ ժողովրդավարութիւնը սպանդի ենթարկելու նպատակով: Ան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք սխալ եւ մահացու գրաւներ դրած են այս առումով:

Share this Article
CATEGORIES