ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ

Ժոմպլաթ-Նասրալլա հանդիպումէն պահ մը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆա:

Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս` պաղեստինեան զարգացումներն ու գերիներու փոխանակման թղթածրարը, Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը, երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ  երկու կուսակցութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ անոնց միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Միւս կողմէ, «Լիուա» օրաթերթին համաձայն, սէյիտ Նասրալլայի այցելուները յայտնած են, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին անհրաժեշտ կը նկատէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը` հաստատելով, որ անոր համար աւելի առաջնահերթ են լիբանանեան ազգային շահերն ու ներքին լիբանանեան կայունութիւնը, քան` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

Այցելուներուն համաձայն, սէյիտ Նասրալլա շեշտած է նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին օժանդակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւել եւ կառավարութիւնը հասցնել մինչեւ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններ:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուած է նաեւ, որ կառավարութեան մէջ տիրող տարակարծութիւնները անոր գոյութեան սպառնալիք մը չեն նկատուիր:

Սէյիտ Նասրալլայի այցելուները յայտնեցին նաեւ, որ ըստ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հակակշռուած է եւ սուրիական վարչակազմը կրցած է շրջանցել ապահովական վտանգի հանգրուանը, ինչպէս նաեւ սկսած է գործադրել բարեկարգումները:

 

Share this Article
CATEGORIES