ԹԵՆԻՍ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Օման մեկնեցան Լիբանանի թենիսի կրտսերներու ազգային խումբերը (13 տարեկանէն վար)` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի կրտսերներու մրցաշարքին:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ պատուիրակութեան նախագահ նշանակուեցաւ Թանիոս Քանաան:
Տղոց խումբին մաս կը կազմեն Քարլոս Շամըս, Ժան-Մարի Եազպեք եւ Շաքեր Մարտինի, իսկ աղջկանց խումբին մաս կը կազմէ միայն մարզիկ մը` Եարա Ֆայսալ:
CATEGORIES Մարզական