ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ – ԻՄՓՈՒԼՍ ԿՐԿՆՈՒԱԾ ՄՐՑՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ 2-2 ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

Փիւնիկ - Իմփուլս մրցումէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի կրկնուած մրցումը, որ երէկ իրարու դէմ հանեց Փիւնիկը եւ Իմփուլսը, աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:

Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Իմփուլս 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Նորայր Կէօզալեանի նշանակած կոլերուն (19-րդ եւ 22-րդ): Սակայն Փիւնիկ իր կարգին շնորհիւ Ղուկաս Պօղոսեանի (36-րդ) եւ Յովհաննէս Յովհաննէսեանի (62-րդ) երկու կոլ նշանակելով կէտով մը բաժնուեցաւ իր հիւրէն:

Այսպիսով, Փիւնիկ կորսնցուց երկու կէտ` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին նուազագոյն հաշուով (1-0) յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Փիւնիկ այժմ 41 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Ուլիս (48 կէտ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Գանձասար (39 կէտ): Իմփուլս 36 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: Վերջին դիրքը գրաւող Արարատ ունի 10 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES