ԿՈՒՌՔԻ ՄԸ ՄԱՀԸ . ՍԹԻՒ ՃՈՊԶԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՈՒՄԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԱՓԸԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՍԹԻՒ ՃՈՊԶ ՄԱՀԱՑԱՒ 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, 56 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ, ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԴԻՄԱԴՐԵԼԷ ԵՏՔ ՇԱՐՈՅՐԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ: ԱՆ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ ԷՐ ԻԲՐԵՒ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ, ՄՂԻՉ ՈՒԺԻ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ԱՆՁԵՐՈՒ ՎՐԱՅ: ՇԱՏԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՆ, ԹԷ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԾ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ԻՆՉՊԷՍ` ԱՅ. ՓՈՏ, ԱՅ. ՖՈՆ ԵՒ ԱՅ. ՓԵՏ, ՀԱՐՍՏԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ:
ճՈՊԶԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՋՈՐԴԱԾ ԶԵՂՈՒՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԷԻՆ: ԱՆ ՄԱՅՔԸԼ ՃԵՔՍԸՆԻ ՆՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՉԷՐ, ՈՉ ԱԼ` ՏԱՅԱՆԱ ԻՇԽԱՆՈՒՀԻԻՆ ՆՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ «ԶՈՀ» ՄԸ: ԻՍԿ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱՐԱՐԻ ՄԸ ՄԱՀԸ Ե՞ՐԲ ՆՄԱՆ ՍՈՒԳ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ԷՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ: ՇԱՏԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԳՐԱՒԻՉ ԷՐ ԱՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ ՇԱՏ ՀԱՄԵՍՏ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ ՍԿՍԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ` ՃՈՊԶ, ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՐ ՄԷԿԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՓՈԽԷՐ «ԱՄԷՆ ԻՆՉ»:
ՈՄԱՆՔ ՍԹԻՒ ՃՈՊԶԸ ԲԱՂԴԱՏԵՑԻՆ ԹՈՄԸՍ ԷՏԻՍԸՆԻ ՀԵՏ, ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԱՅՍ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑԻՆ ԻԲՐԵՒ ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՓԸԼԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏՈՂՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ՊԻՏԻ ԳՈՎԵՐԳԵՆ ԱՆՈՆՑ ԱՐԱՐԻՉԸ` ԹԵՐԵՒՍ ՆՈՅՆԻՍԿ ՉԱՓԱԶԱՆՑԵԼՈՎ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ:
ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԷ` ՍԿԵՊՏԻԿՆԵՐ ՓՈՒԹԱՑԻՆ ՆՇԵԼՈՒ, ԹԷ ՃՈՊԶ ԿԸ ԳՈՂՆԱՐ ԱՅԼՈՑ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷՐ ԻԲՐԵՒ ԻՐԸ: ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՁԱԽ ԹԵՒԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԱՆՈՐ «ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ» ՎԱՐՄՈՒՆՔԸ ԵՒ «ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄԸ», ՈՐ ԿԸ ԽԱԽՏԷՐ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ: ԱՆՈՆՔ Կ՛ԸՍԷԻՆ, ԹԷ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՏՆԱԿՈԽԵԼՈՎ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՇԱՀ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԵՒ ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՇՈՒՐՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՃՈՊԶԻ ՄԱՐՄԱՋԸ ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ԲՆՈՐՈՇ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸՆ ԷՐ («ԱԽՊԱՐ» ԹԵՐԹԻ ՄԷԿ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԽԻՍՏ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷՐ ՃՈՊԶԻ ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԸ): ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷԻՆ, ԹԷ ԱՆ ԻՐ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵՆԷՆ ՈՉ ՄԷԿ ԴԱՀԵԿԱՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷՐ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ, ՄԻՆՉԴԵՌ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ ՊԻԼ ԿԷՅՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐՈՂ ԱՆՁՆ ԷՐ:
ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ԿԱՍԿԱԾ ՉԿԱՅ, ԹԷ ԻՐ ՀՕՐԵՆԱԿԱՆ ՏԱՆ ԿԱՌԱՏԱՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԱՄԻ ՄԸ ՀԵՏ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՓԸԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՆԱԾ ԱՅՍ ՀԱՆՃԱՐԸ ԻՐ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾԱԾ ՅԵՂԱՇՐՋՈՂ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ ՑՈՅՑ ՊԻՏԻ ՏԱՐ ԱՐԴԻ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ:
Սթիւ Ճոպզի յաջողութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը զայն դարձուցած էին շատերուն սիրելին, այնքան, որ անոր մահուան սուգը նշուեցաւ համաշխարհային տարողութեամբ:
Սակայն նոյնիսկ նախքան Ճոպզի մահը անոր անձին պաշտամունքին ստուերը կը յամենար Ափըլի վերեւ:
Երբ յայտարարուեցաւ, թէ Ճոպզ պիտի հրաժարէր Ափըլի ղեկավարութեան իր պաշտօնէն` շարոյրի (փանքրէաս) յառաջացած քաղցկեղի պատճառով, մեկնաբաններ յայտնեցին այն մտավախութիւնը, թէ ընկերութիւնը պիտի կաղար առանց անոր:
Սակայն Ճոպզի մահը բիւրեղացուց անոր դիրքը իբրեւ աստուածային դէմք մը, ինչպէս նաեւ` անոր ձգած աւանդը անցումի մէջ գտնուող համակարգիչներու ընկերութեան:
Ճոպզի մահէն միայն քանի մը վայրկեան ետք Թուիթըրի վրայ սկսան վխտալ անոր յիշատակը յաւերժացնող խօսքեր: Մարդիկ Ֆէյսպուքի վրայ սկսան հրապարակել լուսանկարներ, տեսերիզներ եւ մէջբերումներ` Ճոպզի վերաբերեալ, ստեղծելով թուային (տիճիթըլ) անկիւն մը` Ճոպզի համար:
Աշխարհի տարածքին շատեր փութացին դէպի Ափըլ ընկերութեան կեդրոնները` ծաղիկներ նուիրելով անոր յիշատակին: Ուրիշներ մոմերով հսկում կատարեցին իրենց այ.Փետերուն մէջ:
Ճոպզի մահուան ստեղծած զանգուածային հակազդեցութիւնը մտածել կու տար, թէ կարծէք ան բարեկամն էր միլիոնաւոր այն անձերուն, որոնք գնած էին եւ կը գործածէին անոր շինած արտադրութիւնները:
Սակայն իրականութեան մէջ զանգուածները շատ քիչ բան գիտէին Ճոպզի մասին:
«Անհաւատալիօրէն գաղտնապահ եւ ծածուկ անձ մըն էր ան: Դժուար էր գտնել անոր մէկ լուսանկարը իր զաւակներուն հետ, դժուար էր լսել որեւէ բանի մասին անոր խօսքը, բացի` Ափըլի արտադրութիւններէն», կ՛ըսէ Ճոպզի կենսագրական «Ինսայտ Սթիւ՛զ պրէյն» գիրքին հեղինակը` Լինտըր Քահնի:
Եւ որովհետեւ Ճոպզ շատ բան չէր ըսեր իր քաղաքականութեան կամ իր անձնական կեանքին մասին, ասիկա կը նշանակէր, թէ ան երբեք յուսախաբութիւն չէր պատճառեր իր երկրպագուներուն, որոնք յատուկ պատկերացում մը կազմած էին իր մասին:
«Եւ որովհետեւ ան խորհրդաւոր էր, մարդիկ կրնային իրենց սեփական գաղափարներով օժտել զայն, եւ ան կրնար տարբեր բաներ մարմնաւորել տարբեր անձերու համար», կ՛ըսէ Քահնի:
Ճոպզի բծախնդիր կերպով կառուցած գաղտնապահութեան ցանցը` համեմուած որոշ խոցելիութեամբ եւ հասանելիութեամբ (ան հռչակաւոր էր յաճախորդներուն եւ նամակներուն պատասխանելով) միայն յաւելեալ կշիռ կու տային անոր առասպելին, որ կը մեծնար Ափըլի իւրաքանչիւր յայտնագործումին հետ:
«Որքան աւելի խորհրդաւոր նկատէինք զայն, այնքան աւելի տեսլականի տէր կը դառնար ան», կը բացատրէ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանին Վարչական գիտութիւններու դպրոցին մէկ դասախօսը` Մայա Եանկ:
Երբ խորհրդաւոր մարդիկ յաջողութիւն կ՛արձանագրեն, կը մտածենք, թէ անոնք «օժտուած են այնպիսի բանով մը, որուն հասողութիւնը չունին մեզմէ շատերը», կ՛աւելցնէ ան:
Քահնիի համաձայն, սկիզբէն պաշտամունքի մթնոլորտ մը ստեղծուած էր Ափըլի շուրջ: Սակայն ասիկա այնքան կապ չունէր անհատի մը հետ, որքան` այս ընկերութեան արտադրութիւններուն, որոնց նկատմամբ կ՛ամրապնդուէր անքակտելի հաւատարմութիւն մը: Այն իրողութիւնը, թէ սկիզբը սակաւաթիւ անձեր կը գործածէին Ափըլի արտադրութիւնները, ծնունդ կու տար միաժամանակ բացարձակ իրաւունքի եւ կատաղի պաշտպանութեան ոգիի մը` այն անձերուն քով, որոնք կը վախնային, թէ Մայքրոսոֆթի նման հսկաներ կրնային սնանկացնել իրենց սիրեցեալ ընկերութիւնը:
Սակայն Ճոպզ տարբեր բան մը կ՛աւելցնէր այս խառնուրդին վրայ: «Ան կը գործէր ի՛ր ձեւով», ինչպէս կ՛ըսէ վաճառանիշներու խորհրդատու JonathanGabay.com ընկերութեան հիմնադիր Ճոնաթան Կապէյ:
Ճոպզէն առաջ համակարգիչները մոխրագոյն սնտուկներ էին, որոնք կը գործածուէին ուսողութեան եւ գիտութեան մէջ, բաճկոնով եւ փողկապով մարդոց համար շինուած առեւտուրի մեքենաներ: Սակայն Ճոպզ իր ճինզ տաբատով եւ սովորական հանդերձանքով կու գար շրջելու այս բոլորը:
«Ան կ՛ազատագրէր մարդիկը, եւ կը մղէր, որ անոնք տարբեր ձեւով գործէին: Հոսկէ կու գար անոր «տարբեր ձեւով մտածէ՛» պայծառ նշանաբանը», կ՛ըսէ Կապէյ:
Տարբեր ձեւով մտածելով` Ճոպզ ինքզինք ամուր կերպով կը հաստատէր սովորական կեանքի մէջ: Իր յայտնագործած այ. Փոտ եւ այ. Ֆոն գործիքներով` տկար եւ թերի նկատուած Ափըլ վերածուեցաւ համաշխարհային հզօր ընկերութեան մը: Ամէն տեղ ներկայ անոր խնձորի զարդանշանը կը կրէին հիփփի արուեստագէտներէ մինչեւ սակարանային Ուոլ Սթրիթ շուկային վայելուչ հանդերձանքով պաշտօնեաները:
Ինչ կը վերաբերի գործառնութեան դաշտին, այստեղ եւս Ճոպզի դերակատարութիւնը յեղաշրջող էր: «Ափըլ երեւութապէս գրաւիչ, ազատական եւ ստեղծագործ ընկերութիւն մըն է: Սակայն իրականութեան մէջ անիկա կղպուած վայր մըն է: Աշխատանքային ուրախ միջավայր մը չէ», կ՛ըսէ Քահնի:
«Անիկա աշխարհի ամէնէն խիստ հակակշիռի տակ գործող ընկերութիւններէն է», կ՛աւելցնէ ան:
Ճոպզի շուրջ ստեղծուած խորհրդաւորութիւնը միշտ ալ պարունակած է չարանենգ երանգ մը: Մինչ հետզհետէ աւելի մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէր Ափըլ եւ երեւութապէս նուազ նորարար կը թուէր (ի վերջոյ ընկերութիւն մը քանի՞ անգամ կրնայ ստեղծել նոր բան մը, որ պիտի յեղաշրջէր մեր կեանքը), անդին` կը բազմանային այն առիթները, երբ Ճոպզ կը փաստէր, թէ ինք նաեւ սխալական էր:
Այժմ Ճոպզի հիմնած ընկերութիւնը պէտք է ընթանայ նոր ուղիներով, առանց իր առասպելի կարգ անցած ղեկավարին: Սակայն Ճոպզի ձգած աւանդը գէթ կ՛ապահովէ որոշ ուղղութիւն մը:
Մինչ աշխարհի տարածքին Ափըլ սպառողներ կ՛ոգեկոչէին Ճոպզի յիշատակը, ոչ ոք կը գովերգէր անոր կատարած յայտնագործութիւնները` համակարգչային արագութիւնը աւելցնելու մէջ կամ նոյնիսկ` Ափըլի նորարար ձեւագծումներուն:
Համացանցի ճամբով հրապարակուած կարծիքներ կ՛ամրապնդէին Ճոպզի դիրքը` իբրեւ երազ ունեցող եւ տեսլապաշտ անձի մը, մէջբերելով անոր մէկ խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ունեցի՛ր քաջութիւնը հետեւելու սրտիդ եւ բնազդային զգացումիդ»: Ոմանք Ափըլի ծանուցումներ ուղարկեցին իրենց այն ընթերցողներուն, որոնք «խենթ են»: Ուրիշներ հրապարակեցին յօդուածներ` խոստանալով բացատրել «այն, ինչ որ Սթիւ Ճոպզ կը հասկնայ, սակայն մեր քաղաքագէտները չեն հասկնար»:
Ճոպզ մահացաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ մարդիկ երբեւիցէ նուազ վստահութիւն ունին իշխանութիւններու նկատմամբ: Անոր ստեղծած արհեստագիտութիւնը եւ այն պատկերը, որ կ՛արտացոլէր ան, գնորդներուն կ՛ընձեռէր հաւանական փրկութիւն մը:
«Մարդիկ ոգի ի բռին կը տենչան այն գաղափարը, թէ իրենք կրնան գործել տարբեր ձեւով, որովհետեւ վստահութիւն չունին նախապէս կիրարկուած ձեւերուն նկատմամբ,- կը բացատրէ Կապէյ:- Ճոպզ մարմնացումն էր չյարմարելու այս զգացողութեան, որ անհաւատալի կերպով գրաւիչ է, մասնաւորաբար` այսօր»:
Ամէն բանէ աւելի Ճոպզ կը խոստանար կեանքի ձեւ մը, որ հետեւեալն է. կարելի է գրաւիչ դառնալ, կարելի է սովորականէն տարբեր գործել եւ կարելի է յաջողիլ նման գաղափարներով:
«Ոեւէ մէկը, որ կը գնէ Մաք համակարգիչ մը, կ՛ըսէ. «Պիտի գրեմ իմ վէպս, պիտի արտադրեմ իմ ժապաւէնս, պիտի ստեղծեմ իմ երգս,- կ՛ըսէ Քահնէյ: – Անիկա կը խօսի ստեղծագործական մեր ջիղին: Սակայն իրականութեան մէջ բոլորն ալ միայն կը նստին համակարգիչին դիմաց եւ կը դիտեն Նեթֆլիքսի յայտագիրներն ու ժապաւէնները»:
Երբ Ճոպզի երկրպագուներուն փաղանգները համացանցի վրայ սկսան սգալ անոր մահը, անոնք ըսել կ՛ուզէին` «կ՛ուզե՛նք հաւատալ»: Անոնք կ՛ուզէին աշխարհին ըսել, թէ իրե՛նք եւս կարողութիւնը ունին տարբեր ձեւով մտածելու:
Սակայն, նոյնիսկ երբ իրենք կը մոռնային տարբեր ձեւով մտածելու, Սթիւ Ճոպզ չէր մոռնար:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՍՈՒԳ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ
Երկրպագուներ կ՛առաջարկեն Ափըլի խնձորի զարդապատկերին կրծուած մասը փոխարինել Ճոպզի կիսադէմքով: Ոմանք նոյնիսկ սկսած են զայն դաջել իրենց մարմնին վրայ: Զայն ձեւագծած անձը` Մակ Քոնկ 19 տարեկան հոնկքոնկցի երիտասարդ մը, ինքզինք չի համարեր Ափըլի սիրահար մը եւ նոյնիսկ այ. Ֆոն չունի:
Սթիւ Ճոպզի մահէն ետք Ափըլ ընկերութեան վաճառատուները վերածուեցան ուխտավայրերու, ուր երկրպագուներ զետեղեցին ծաղիկներ, խնձորներ, երկտողեր եւ լուսանկարներ: Անցորդներ կանգ առին` դիտելու համար զանոնք եւ լուսանկարելու` Ճոպզի յայտնագործած այ. Ֆոներով: Ասիկա միայն կոտորակ մըն էր` բաղդատած համաշխարհային այն գովասանքին եւ սուգին, որոնք կը յորդէին համացանցի վրայ եւ մեքենագրուէին անոր ստեղծած գործիքներով: Ճոպզի մահուան օրը շուրջ 30 հազար «թուիթեր» լսուեցան համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող Թուիթըրի ճամբով: Ֆէյսպուք գործածողներէն շատերը իրենց անձնական նկարը փոխարինեցին արհեստագիտական հսկայ ընկերութեան խորհրդանիշ զարդապատկերով, ինչ որ դարձաւ անձի մը հետ նոյնանալու եւ այս մասին աշխարհին տեղեկացնելու միջոց մը:Տայանա իշխանուհիին մահէն ետք լրատուական մարզը եւ քաղաքագէտներ այնքա՛ն համակուած էին եղելութեամբ եւ այնքա՛ն շատ կը խօսէին անոր մասին, որ մեղք գործելու համազօր էր սուգի որեւէ զգացում չարտայայտելը: Տայանա իշխանուհիին մահուան ստեղծած խելայեղ հակազդեցութիւնը արդիւնք էր զայն իբրեւ հանրութեան զոհը ներկայացնելու բամբասանքի թերթերու վատառողջ մարմաջին: Այսօր Թուիթըրի ճամբով փոխանցուած հռչակաւոր գործարարի մը մահուան լուրը եւ օտար անձի մը մահուան մասին մեր սեփական զգացումները արտայայտելու մղումը ցոյց կու տան, թէ հանրային սուգը ոչ միայն թուային (տիճիթըլ) դարձած է, այլ նաեւ մահը այլեւս միայն բամբասանքի թերթերուն եւ անոնց ընթերցողներուն վերաբերող նիւթ մը չէ: Իրօք, Թուիթը՛ր կ՛որոշէ ամէն ինչ, լուրերու ձեւաւորումէն մինչեւ բռնատէրներու տապալում: Այժմ հո՛ն է, որ կը կատարուի հանրային սուգը:
ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒՈՎ ՄՏԱԾՈՂ ՄԸ
Սթիւ Ճոպզի հիմնած եւ գլխաւորած Ափըլ ընկերութիւնը արտադրիչն է Մաքինթոշ տիպի համակարգիչներուն, թուային (տիճիթըլ) երաժշտութեան այ. Թիունզ համակարգչային ծրագիրին եւ համացանցի վրայ այ. Թիունզի վաճառատան, ապա` այ. Մաք, այ. Փոտ, այ. Ֆոն եւ այ. Փետ համակարգչային գործիքներուն:
Մարդիկ կը սիրեն Ափըլի արտադրութիւնները, որովհետեւ կրնան անձնականացնել զանոնք, մտերմութիւն մը զգալ` մատներու հպումով ստանալով այն, ինչ որ կը ցանկան (եւ ոչ` կոճակ մը սեղմելով), ինչպէս նաեւ` զանոնք խաղալիքի մը պէս իրենց հետ տանելով տեղէ տեղ: Ճոպզի տեսլականին իրագործումով էր, որ յաջողութիւն արձանագրած է «Թոյ սթորի»ի եւ «Ֆայնտինկ Նեմօ»ի նման շարժուն գծանկարներու արտադրիչ Փիքսար ընկերութիւնը: Իրօք, Ճոպզ աշխարհի մէջ ոեւէ անձէ աւելի դերակատար է մեր դիտած ժապաւէններուն եւ մեր ունկնդրած երաժշտութեան տեսակը որոշելու մէջ, ինչպէս նաեւ` մեր աշխատելաձեւին եւ խաղաոճին:
Ճոպզ իր կեանքին մէջ որեւէ համակարգիչ չէ ձեւագծած: Սակայն իր շնորհիւ է, որ Ափըլի արտադրութիւնները թէեւ կը կատարեն նմանօրինակ այլ արտադրութիւններու գործը, սակայն կը նկատուին տարբեր եւ շատ աւելի գրաւիչ: Մաքինթոշն էր, որ աշխարհին տուաւ համակարգիչի գործածութեան յատուկ մուկը: Այ. Փոտն էր, որ հռչակաւոր դարձաւ իր սահող անիւով, իսկ այ. Ֆոնը` հակազդելով պաստառին վրայ մատի մը հպումին:
Առեւտրական հնարք մըն էր դարձեալ, զոր Ճոպզ կը կիրարկէր սպառողական շուկային մէջ` համոզելով, որ Ափըլի արտադրութիւնները գնելով` ձեւով մը մաս կը կազմէինք առանձնաշնորհեալ եւ տեսլապաշտ անձերու հաւաքականութեան մը, նոյնիսկ երբ բացայայտօրէն յստակ էր, թէ այս ընկերութեան արտադրութիւնները կարելի էր գտնել ամէն տեղ:
Ասիկա ջերմեռանդ նուիրումի զգացում մը կը ստեղծէր արհեստագիտական գործիքներու սիրահարներուն քով: Ճոպզ ոչ միայն Ափըլի ետին գտնուող ուղեղն էր, այլ նաեւ` «Մաք» կրօնին բարձրագոյն քուրմը, որ բարձր օձիքով իր սեւ քազակով, ճինզով եւ մարզանքի կօշիկներով կը քարոզէր այն պատգամը, թէ փրկութիւնը Ափըլի նորագոյն արտադրութեան մէջ էր:
Ափըլի մոլեռանդ երկրպագուները Ճոպզի համեստ սկիզբը, անոր ծաղկումն ու անկումը եւ հրաշքի համազօր վերադարձը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին: Նուազ սրբապիղծներ հակամէտ են մտածելու, թէ անոր կեանքը ապացոյցն է ամերիկեան երազին շարունակութեան:
Թէեւ Ճոպզի առեւտրական հնարամիտ իրագործումները եւ արհեստագիտական մարզին մէջ կատարած ներդրումները զայն առաջնորդած են հերոսական բարձունքներ, սակայն ան շատ աւելի տարտամ քայլերով ապրած է իր կեանքին սկզբնական տարիները:
Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք Ճոպզ սկսած է յաճախել Ռիտ քոլեճը, սակայն` միայն մէկ եռամսեայի համար, ապա լքած է ուսումը, որովհետեւ բարձր կրթաթոշակը ծանր բեռ մըն էր իր ծնողներուն ուսերուն: 2005-ին Սթանֆորտի համալսարանին շրջանաւարտներուն ուղղուած խօսքի մը մէջ Ռիտի մէջ անցուցած իր օրերուն մասին խօսելով` Ճոպզ ըսած է. «Բնաւ վիպերգական անձ մը չէի: Գիշերօթիկի սենեակ մը չունէի, կը քնանայի բարեկամներու սենեակներուն գետինը, Քոքա-Քոլայի պարապ շիշեր կը վերադարձնէի` 5 սենթ ստանալու եւ ուտելիք գնելու համար: Ամէն կիրակի 7 մղոն կը քալէի` լաւ ճաշ մը ուտելու համար Հարա Քրիշնայի տաճարին մէջ»:
Քալիֆորնիա վերադառնալէ ետք Ճոպզ սկսած է աշխատիլ վիտէոյի խաղեր արտադրող Աթարի ընկերութեան մէջ` դրամ գոյացնելու եւ «ոգեղէն ուղեւորութեան» մը ձեռնարկելու համար դէպի Հնդկաստան, ուր ընդունած է զեն պուտտայականութիւնը, դարձած է բուսակեր եւ փորձած է թմրեցուցիչներ:
Ամերիկա վերադարձին` Ճոպզ շարունակած է աշխատիլ Աթարի ընկերութեան մէջ: 1976-ին անոր 16 տարեկան մէկ բարեկամը` Սթիւ Վոզնիաք ցոյց տուած է իր անձնական գործածութեան համար ձեւագծած համակարգիչը, զոր շուկայ իջեցնելու հնարամիտ ձեւ մը գտած է Ճոպզ` վաճառատան մը համոզելով, որ 50 օրինակ ապսպրէ, ապա ելեկտրական արտադրութիւններու վաճառատունէ մը պարտքի առած է զանոնք շինելու անհրաժեշտ թելերը: Ճոպզ եւ Վոզնիաք իրենց հիմնած ընկերութիւնը կոչած են Ափըլ եւ շուկայ իջեցուցած են Ափըլ-1 համակարգիչները: 1980-ին, երբ ընկերութիւնը շուկայ իջեցուց աւելի կատարելագործուած Ափըլ-2 համակարգիչները, անոր երկու հիմնադիրները արդէն դիզած էին բազմամիլիոն տոլարի հարստութիւն մը:
Յաջողած ընկերութիւն մը ղեկավարելը կը լարէր Ճոպզի ուժերը: Պաշտօնեաներ դժգոհութիւն կը յայտնէին ընկերութեան կառոյցներուն մէջ շրջելով սարսափ պատճառող անոր վարմունքին մասին: Ճոպզ ամէնուրեք ժողովրդականութիւն վայելող անձ մը չէր. նոյնիսկ ամբարտաւանութեան մարմնացում մըն էր եւ ի տարբերութիւն իրեն մրցակից Պիլ Կէյցի` կը մերժէր որեւէ կարեւորութիւն տալ պաշտօնեաներու նկատմամբ պատասխանատուութեան գաղափարին: Իր Մերսետես տիպի ինքնաշարժը տեւաբար կը շարէր Ափըլի կեդրոնական գրասենեակներուն կառատան անկարներու յատուկ մասին մէջ:
Ճոպզ կը ցանկար Ափըլը վերածել արհեստագիտական բարձր մակարդակի սպառողական արտադրութիւններ շուկայ իջեցնող ընկերութեան մը: Առեւտրական նման գործելաձեւի մը ստեղծած բախումներուն պատճառով ան դուրս դրուեցաւ իր իսկ հիմնած ընկերութենէն: 12 տարի ետք, երբ ընկերութիւնը որդեգրեց Ճոպզի ոճը եւ 1997-ին վերադարձաւ ան, անմիջապէս վերջ դրաւ Ափըլի հովանաւորած բարեսիրական բոլոր ծրագիրներուն:
Ճոպզ Ափըլը կը ղեկավարէր հայհոյալից նախատինքներու եւ կախարդական գրաւչութեան տարօրինակ հակասութեամբ մը: Պաշտօնեաներ հանճար էին կամ` «պոզօ» (յիմար): Անոր անմիջական շրջանակին մէջ գործող անձերը գիտէին, թէ առանց ազդանշանի կրնային անցնիլ մէկ դասակարգէն միւսին: Բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կը խոստովանի, թէ Ճոպզի հետ որեւէ հանդիպումէ առաջ ինքզինք կը պատրաստէր ցլամարտի: «Այնպէս կը ձեւացնէի, թէ արդէն մեռած էի», կ՛ըսէ ան:
Ճոպզի անձնական հարստութիւնը կը գնահատուի 8.3 միլիառ տոլար, իսկ անոր ընկերութիւնը տէր է 76 միլիառ տոլարի: Այսուհանդերձ, բարձր աշխատավարձ ստացող վերնախաւի մը ետին շատ աժան աշխատավարձով կ՛աշխատին շուրջ 46 հազար պաշտօնեաներ: Աւելի ցած մակարդակի վրայ` գործարաններու մէջ կ՛աշխատին հազարաւոր չինացիներ, կարգապահական չափազանց խիստ օրէնքներու հակակշիռին տակ, իսկ աւելի վար կը գտնուին ափրիկեցի այն կիները, տղամարդիկն ու մանուկները, որոնք ելեկտրական հոսանքի յատուկ մետաղներ դուրս կը բերեն հանքերէն:
Ճոպզ 2004-ին բացայայտեց շարոյրի իր քաղցկեղը: Այնուհետեւ անոր առողջութեան մասին ենթադրութիւնները կը հասնէին տենդագին մակարդակի եւ կը հրահրուէին Ափըլի խիստ գաղտնապահութեամբ: Ճոպզի երկրպագուները իւրաքանչիւր հանրային ելոյթի առիթով կը փնտռէին անոր առողջական վիճակը ցոյց տուող նշաններ: Սակարանային շուկաներուն մէջ անոր իւրաքանչիւր ելոյթը կենսական կը նկատուէր Ափըլի առողջութեան համար. ընկերութեան բաժնետոմսերը անկում կ՛արձանագրէին, երբ ան դալուկ կը թուէր: 2011-ին ան երեւցած է միայն քանի մը անգամ: 24 օգոստոսին ան ի վերջոյ յայտարարեց իր հրաժարականը: Զայն պիտի փոխարինէր իր բացակայութեան ընթացքին ընկերութիւնը ղեկավարած անձը` Թիմ Քուք:
Յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Ափըլի բաժնետոմսերուն գիները 5 առ հարիւրի անկում արձանագրեցին:
(Համադրաբար)
«Երբ կը յիշեմ, թէ շուտով պիտի մեռնիմ, կը զգամ, թէ գտած եմ ամէնէն կարեւոր գործիքը, որ պիտի օգնէ ինծի` կատարելու կեանքի մեծ ընտրութիւններ: Որովհետեւ գրեթէ ամէն ինչ, արտաքին բոլոր ակնկալութիւնները, բոլոր հպարտութիւնը, կամ ձախողութեան բոլոր վախն ու ամօթը կը չքանան մահուան դիմաց` իրենց ետին ձգելով միայն այն, ինչ որ կարեւոր է»:
«Մահը հաւանաբար կեանքի լաւագոյն յայտնագործումն է: Անիկա կը սրբէ ու կը տանի հինը` տեղ բանալու համար նորին: Այս վայրկեանին նորը դո՛ւք էք: Սակայն օր մը, ոչ շատ հեռու, դուք ալ աստիճանաբար պիտի դառնաք հին եւ սրբուիք»:
«Ձեր ժամանակը սահմանափակ է: Մի՛ վատնէք զայն` ապրելով ուրիշին կեանքը: Մի՛ թակադրուիք ուսմունքներու մէջ, ինչ որ կը նշանակէ` ապրիլ այլոց մտածողութեան արդիւնքով: Թոյլ մի՛ տաք, որ այլոց կարծիքներուն աղմուկին մէջ խեղդուի ձեր սեփական ձայնը: Եւ ամէնէն կարեւորը` ունեցէք քաջութիւնը հետեւելու ձեր սրտին եւ բնազդային մղումին: Անոնք ձեւով մը գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կ՛ուզէք դառնալ: Մնացեալ ամէն ինչը երկրորդական է»:
ՍԹԻՒ ՃՈՊԶ
(Հատուած` Սթանֆորտի համալսարանին մէջ 2005-ին շրջանաւարտներու ուղղուած խօսքէն):
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՆՑԵԱԼ

Փալօ Ալթոյի մէջ այն բնակարանը, ուր հասակ նետած է Ճոպզ զինք որդեգրած ծնողներուն` Փոլ Ճոպզի եւ Քլարա Յակոբեանի հետ:
Թէեւ Ճոպզի ստեղծած թուային սարքերը դարձած են մեր անձնական կեանքին պատուարները խորտակող միջոցներ, սակայն Ճոպզ ի՛նք խիստ կերպով գաղտնի պահած է իր անձնական կեանքին մանրամասնութիւնները, ընտանեկան արմատներէն մինչեւ քաղցկեղի դէմ պայքարը: Հակառակ բազմաթիւ տարիներ Ափըլ ընկերութեան լուսարձակներուն տակ փայլելուն` ան բազմաթիւ երեսներով կը մնայ թաքուն անձ մը, նոյնիսկ` իր մահէն ետք:
Սթիւ Ճոպզի կեանքին մասին կենսագրական գիրք մը, որ լոյս պիտի տեսնէ նոյեմբերին, ի յայտ կը բերէ, թէ 24 փետրուար 1955-ին Սան Ֆրանսիսքօ ծնած Սթիւ իր ծնունդէն կարճ ատեն մը ետք որդեգրուած է Փոլ եւ Քլարա Ճոպզ ամոլին կողմէ, որոնք զայն կոչած են Սթիւըն Փոլ: Համեստ պայմաններով եւ կրթութեամբ այս ամոլը զայն մեծցուցած է Քալիֆորնիոյ Մաունթըն Վիու շրջանին մէջ: Զայն որդեգրած ամերիկացի հայրը (թէեւ այս որակումը բացայայտօրէն կը մերժէր Սթիւ), իբրեւ մեքենագէտ կ՛աշխատէր լէյզըրի ընկերութեան մը մէջ, իսկ Մալաթիայէն գաղթած մայրը հաշուապահ էր: Քարլայի ծնողները Ամերիկա գաղթած էին 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք. անոր հայրը` Լուիզ Յակոբեան ծնած էր Մալաթիա` 1894-ին, իսկ մայրը` Վիքթորիա Արթինեան, ծնած էր Զմիւռնիա, 1894-ին: Փոլ եւ Քլարա շատոնց մահացած են:
Սթիւ կը խօսէր սահուն հայերէն: Անոր կենսագրական գիրքին պարունակութեան որոշ չափով տեղեկացած Khabararmani.com կայքը կը գրէ. «Քլարա Յակոբեան մեծ դեր ունեցած է այս հանճարը մեծցնելու մէջ»:
Ճոպզ երկար ժամանակ ծանօթ չէր իրեն ծնունդ տուած ծնողներուն եւ միշտ ալ նախընտրած է լուռ մնալ անոնց մասին: Վերջերս իբրեւ «աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր արաբը» որակուած Ճոպզ միայն 20-ական տարիքին յայտնաբերած է անոնց ինքնութիւնը. մայրը` Ճոան Շիպլէ (հետագային` Սիմփսըն) համալսարանաւարտ կին մըն էր, որ պիտի դառնար խօսելու դժուարութենէ տառապող անձերու բժշկուհի մը: Հայրը` Ապտուլֆաթթահ Ճոն Ժանտալի սուրիացի իսլամ մըն էր, որ Հոմսէն գաղթած էր 18 տարեկանին, հետագային դարձած էր քաղաքագիտական գիտութիւններու դասախօս եւ այժմ կ՛աշխատի իբրեւ Նեւատայի մէջ բախտախաղի կեդրոնի մը բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուն: Ան իր դաստիարակութեամբ ամօթալի նկատած էր ամուսնութենէ առաջ զաւակ մը ունենալը եւ որոշած էր զայն տալ որդեգրութեան: Ճոան եւ Ապտուլֆաթթահ ամուսնացած են աւելի ուշ եւ ունեցած են զաւակ մը` Մունա Սիմփսըն, որ այժմ վիպագիր է: Թէեւ Ճոպզ հետագային կապ հաստատած է իրեն ծնունդ տուած մօր եւ իր հարազատ քրոջ հետ, սակայն մինչեւ վերջ հեռու մնացած է իրեն ծնունդ տուած հօրմէն: Երկուքը բնաւ չեն խօսած իրարու հետ: Ժանտալի մեղադրած է իր սուրիացիի հպարտութիւնը, որ թոյլ չէ տուած իրեն հեռաձայնը առնելու եւ խօսելու իր զաւկին հետ:
Յայտնապէս Ճոպզի կեանքը հայելին պիտի դառնար անոր ծնունդ տուած ծնողներուն կեանքին: 1978-ին անոր բարեկամուհին` Քրիսան Պրեննանի ծնունդ տուած է աղջկան մը, սակայն Ճոպզ մերժած է ընդունիլ, թէ ի՛նք էր անոր հայրը, մինչեւ որ ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներու վրայ կատարուած քննութեամբ մը փաստուած է այս: Այնուհետեւ ան ճանչցած է իր զաւակը` Լիզա Պրեննան-Ճոպզը: 1991-ին Ճոպզ ամուսնացած է Լորին Փաուըլի հետ եւ ունի երեք զաւակ:
(ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ. «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ ՄԱՆԹԼԻ»,
«ՆԻՈՒԶ. ԷՅ. ԷՄ.», «ԹԵՐԹ. ԷՅ. ԷՄ.», «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»,
«ՍՓԱՅՔՏ», «ՏԷՅԼԻ ԹԵԼԵԿՐԱՖ», «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ»,
«ՍՈՇԸԼԻՍԹ ՌԵԶԻՍԹԸՆՍ»)
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



