ՖՐԵՆԺԻԷ. «ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՍՈՒՐԻԱ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԶՕՐԱՒՈՐ Է, ԻՍԿ ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՀԶՕՐ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Սուրիոյ ազգային միասնականութեան երիտասարդական միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ Լիբանան կը գտնուի` շնորհակալութիւն յայտնելու համար լիբանանցի այն ղեկավարներուն, որոնք Սուրիոյ զօրակցեցան` անոր սպառնացող տագնապին դիմակայման նպատակով:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ վերջերս գործուած դաւադրութիւնը եղած է հսկայական: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ իր ժողովուրդին սէրը եւ սուրիական բանակին միասնականութիւնը պատճառ դարձած են, որ Սուրիոյ թշնամիները վերջ տան իրենց դաւադրութիւններուն:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադիր ուժեր չեն կրցած կռուելով իրականացնել այն, ինչ որ կը փափաքին: «Անոնք օգտագործած են համայնքային ջիղը, սակայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, սուրիացի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան գիտակցութիւնը ձախողեցուցած են այդ փորձերը: Այդ պատճառով ալ Սուրիա ներկայիս աւելի հզօր դուրս կու գայ իր տագնապէն», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Մարատա հոսանքի ղեկավարը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հզօր պիտի մնան` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը եղբայրական, բարեկամական եւ միացեալ կեցուածքներու յարաբերութիւն է եւ ոչինչ կրնայ ազդել անոր վրայ:
Իր կարգին, սուրիական երիտասարդական պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրենժիէին` Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն նկատմամբ անոր տածած յարգանքին եւ զօրակցութեան համար:
ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ
Սուրիոյ ազգային միասնականութեան երիտասարդական միութեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին երիտասարդական պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունին` Սուրիոյ նկատմամբ անոր արտայայտած զօրակցական կեցուածքներուն համար:
Իր կարգին, զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան Սուրիոյ մէջ գործադրուելիք բարեկարգումներուն համար եւ համոզուած են, որ սուրիացի ժողովուրդը յաղթական դուրս պիտի գայ երկրին դիմագրաւած այդ տագնապէն:
Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին Սուրիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը ներկայանան իբրեւ առիթներ` զօրացնելու համար Սուրիոյ դիմադրողականութիւնը: