«ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՉԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Ռուսիա համաձայն չէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին այն յայտարարութեան, թէ «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները շրջանին մէջ անկայունութեան պատճառ կը դառնան»:

«Ես ինծի թոյլ կու տամ չհամաձայնիլ այդպիսի գնահատականի: Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսիա խորապէս շահագրգռուած է այդ շրջանին կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումով: Ճիշդ այս մօտեցումով ալ մենք առաջնահերթ կերպով կը կառուցենք մեր յարաբերութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ: Նոյն այդ շարժառիթը կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցութեան ուղղուած մեր ջանքերուն հիմքին մէջ», ըսած է Լուքաշեւիչ:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր, անվտանգութեան հարցերով վարչութեան երկրորդ քարտուղար Էլչին Հիւսէյնլի քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները շրջանին մէջ անկայունութեան պատճառ կը դառնան:

Share this Article
CATEGORIES