ՍԱՄՊՕ. 2011-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳՐԻԳՈՐ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ` ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի պատանիներու, երիտասարդներու եւ աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան, Գրիգոր Մխիթարեան Հայաստանի ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ պատանիներու 48 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Նշենք, որ 2010-ին եւս ան հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Ռոզա Խաչատրեան (52 քկ), տիրացաւ պրոնզ մետալին:

Երիտասարդներու մրցումներուն, Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Մաքսիմ Մանուկեան (48 քկ)` պրոնզ մետալին:

Պրոնզէ մետալներու տիրացան նաեւ Կարէն Տոնոյեան (62 քկ) եւ Մհեր Կարապետեան (82 քկ):

Նշենք, որ աշխարհի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 24 երկիրներու 337 մարզիկներ:

Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 24 մասնակիցով, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան:

Share this Article
CATEGORIES