ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՂՔԱՏ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՍԿԻԶԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Նախագահ Սլէյման կ՛ուղղէ իր խօսքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յետմիջօրէին ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի իրաւաբաններու տան մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ:

Ձեռնարկին ընթացքին նախարարութեան կողմէ յայտարարուեցաւ Լիբանանի մէջ Աղքատ ընտանիքներուն օժանդակութեան ազգային ծրագիրը:

Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ կարելի չէ երկրին տնտեսութիւնը ծառայեցնել քաղաքական անձնաւորութիւններու շահերուն, ինչպէս նաեւ կարելի չէ քաղաքականութիւնը ծառայեցնել տնտեսութեան շահերուն, եթէ ան հիմնուած է մրցակցութեան վրայ եւ հեռու է ժողովրդավարական սկզբունքներէ, ինչպէս նաեւ բարոյական սահմանումներէ:

«Աղքատութիւնը պատճառող մարտահրաւէրներուն պէտք է վերջ մը դնել եւ պէտք է յաւելեալ աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովել` տնտեսական աճ արձանագրելու եւ աղքատութեան ու անգործութեան հարցերը լուծելու համար», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ ընկերային հարցերու նախարարութեան մշակած Աղքատ ընտանիքներու օժանդակութեան ազգային ծրագիրին լոյսին տակ, իւրաքանչիւր աղքատ ընտանիք կրնայ պետութեան առաջարկ ներկայացնել եւ օժանդակութիւն պահանջել, պայմանաւ որ պետութիւնը զգուշ վարուի այդ պահանջներուն հետ, որպէսզի պետութեան կողմէ անոնց ընդառաջելու պարագային այդ ընտանիքները չդադրեցնեն իրենց աշխատանքը: «Համոզուած եմ, որ ազգային այս ծրագիրը պիտի կարենայ աղքատ ընտանիքներուն համար հաւասար օժանդակութիւններ ապահովել», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան աւելցուց, որ ներկայիս երկրին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումէն ետք ժամանակը հասած է արդէն, որ կառավարութիւնը իր հոգատարութիւնը կեդրոնացնէ երկրին ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն վրայ եւ լուծէ ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի ապագան մութ պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ երկրին մէջ կը տիրէ ազգային միասնականութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ օր մը Լիբանան հասնի նաեւ քարիւղի արտադրութեան հանգրուանին` աւելցնելով, որ այդ պարագային երկրին տնտեսութիւնը պիտի ամրապնդուի եւ աւելի եւս պիտի բարգաւաճի:

Նախագահ Սլէյման եւ Նիքոլա Նահհաս

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի նախագահ հայր Ռընէ Շամուսին, որուն ընկերակցեցաւ համալսարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Հանրապետութեան միջնորդի ծրագիրը:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց այդ ծրագիրը եւ շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար շարք մը հարցեր եւ տագնապներ, որոնք կը վերաբերին վարչական եւ դատական մարմիններուն:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց նաեւ, որ Հանրապետութեան միջնորդի ծրագիրին վաւերացումը Լիբանանը աւելի քաղաքակիրթ կը դարձնէ եւ զայն կը զետեղէ յառաջդիմած պետութիւններու կարգին:

 

Share this Article
CATEGORIES