ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ- Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան 2011 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումը: Անիկա սկսաւ Թապարժայէն` անցնելով Ժիպէյլէն եւ Շեքքայէն, ապա հասնելով Թրիփոլի եւ վերադառնալով ժամանման կէտը եղող Թապարժա (ընդամէնը 113 քմ):
Առաջին հանդիսացաւ Ապտալլա Արապ (ՀՄՄ Պէյրութ), մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ահմետ Մրատ (ՀՄՄ Պէյրութ) եւ Սալահ Ռապպահ (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ):
Նշենք, որ մրցումի սկիզբի ազդանշանը տուաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն այս ախոյեանութիւնը հովանաւորող ընկերութեան` «Սքոթ»ի ներկայացուցիչին ներկայութեան:
Նշենք, որ Լիբանանի ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ հինգ հանգրուանի մրցումներ:
