50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՕԳՆԱԿԱՆԸ ՀԱՅ ՄԸՆ Է
ՓՕԼ ԻԳՆԱՏԻՈՍԵԱՆ ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՆ
ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸՆ Է
Լոս Անճելըսէն Պ. Սամուէլ Ռշտունի կը գրէ.-
Անցեալ շաբթուան Ուաշինկթընէն թռիչքով Լոս Անճելըս ժամանեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Փոլ Ռ. Իգնէյշըս` իր պաշտօնական առաջին քննական այցելութիւնը տալու Խաղաղականի զինուորական եւ յարակից հիմնարկութեանց:
Պարթեւ, կորովի ու հեղինակաւոր այս երիտասարդը անդրանիկ զաւակն է մեր յայտնի ազգայիններէն Յովսէփ Իգնատիոսեանի եւ առաջին հայը, որ այս երկրին մէջ կ՛արժանանայ կոչման այսպիսի բարձր աստիճանի` Էսիսթընթ սեքրեթըրի աֆ արմի:
Վերաքննական իր շրջապտոյտին վայրերն եղած են այս անգամ բանակային կեդրոնները, մատակարարութեանց, Կայտըտ Միսըլի, օդանաւային եւ այլ հիմնարկները, Եութա Սալթ Լէյք Սիթի, Արիզոնա, Սիաթըլ: Սան Ֆրանսիսքօ եւ Լոս Անճելըս ընկերակցութեամբ իր օգնականին զինուորական ներկայացուցիչներու եւ զինամթերային ճարտարարուեստի կարգ մը վարիչներուն:
Նախարարական օգնական Իգնէյշըսի այցելութեան առթիւ զինուորական բարձր պատիւներու եւ ընդունելութեանց կարգադրութիւններ եղան Մ. Ն. բանակի Լոս Անճելըսի զօրամասերու նախագահութեան կողմէ, որուն ներկայ էին զինուորական եւ քաղաքական իշխանութեանց ներկայացուցիչները, օդանաւային եւ ելեկտրոնային հիմնարկութեանց վարիչները, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հրաւէրով, մեծ պաշտօնատարին հայրը` Յովսէփ Իգնատիոսեան, քոյրը` Փալս Ալասէն եւ վիրաբուժ-բժշկապետ եղբայրը` Սթանֆշրտ համալսարանէն:
Պաշտպանութեան նախարարի օգնական Էգնէյշըսի իրաւասութեան ներքեւ են, ի մասնաւորի, բանակի փոխադրական, իջեւանման, պարենաւորման, կալուածոց նման խիստ պատասխանատու գործառնութիւններ:
Փոլ Ռ. Իգնէյշըս (Իգնատիոսեան) ծնած է Լոս Անճելըս աւարտած` Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ Հարվըրտ համալսարանները, եղած է հիմնադիր անդամ եւ փոխ նախագահ Հարպրիչ քընսըլթինկ հաուս յայտնի առեւտրական տան, ի Պոսթըն, Ուաշինկթըն եւ Քալիֆորնիա, եւ որպէս սպայ` ծառայած է նաւատորմին Բ. պատերազմի ամբողջ տեւողութեան:
Նախագահ Քենետիի կողմէ նշանակուած է իր ներկայ պաշտօնին, նիւթական մեծ զոհողութեամբ, հրաժարելով իր առեւտրական շահաբաժիններէն, հայրենիքի ծառայութեան նուիրուելու համար:
Հետաքրքրական է, որ նախագահ Քենետի, պաշտպանութեան նախարար Սթահր եւ իր օգնականը Իգնէյշըս երիտասարդական գրեթէ նոյն տարիքն ունին:
Նկարագրային իր յատկանիշներն են անկախ եւ վճռական մտածողութիւն, խորաթափանց դատողութիւն, անխոնջ աշխատանք, հաստատակամ յարատեւութիւն եւ վառ հայրենասիրութիւն:
Պատանեկան իր ծաղիկ օրերէն կը յիշեմ զինք, երբ Իգնատիոսեան օճախը պառնասեան հիւրընկալ կայանն էր հայ բարեգործական ու մշակութային ընտրանիի եւ ինք` խոնարհ որդի ու յանդուգն ուսանող:
Ան անծանօթ մը չէ նաեւ իր ցեղի պատմութեան ու մտքի փառքին…
Հայութիւնը եւ ի մասնաւորի գաղութս յաջողութիւն եւ առաւել կորով կը մաղթէ իր արժանաւոր զաւակին:
ՏԻՐԱՆ ԺՈՐԺ-ԿԱՌՎԱՐԵՆՑԻ
ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ճոնի Հոլիտէյ յայտարարած է, թէ այսուհետեւ միայն Ժորժ Կառվարենցի գրած ռոքերը պիտի երգէ, կը գրէ «Օրոր» իր երկուշաբթի օրուան (16 հոկտեմբեր) թիւին մէջ:
Տիրան Ժորժ Կառվարենց, որ ըստ նոյն աղբիւրին, ի մօտոյ պիտի ամուսնանայ Այտա Ազնաւուրի հետ, կը շարունակէ այն փայլուն ասպարէզը, զոր սկսաւ «Թաքսի մը Թոպրօքի համար» շարժանկարին երաժշտութիւնը գրելով: Ինք է նաեւ Աշոտ Մալաքեանի վերջին ժապաւէնին` «Առիւծներ ձգուած են» (Լէ Լիոն սոն լաշէ) երաժշտութեան հեղինակը` առանց մոռնալու «Ժամադրութիւն ի Պրազիլիա», որ մեծ յաջողութիւն գտաւ Պրազիլի նոր մայրաքաղաքին «բացումին» առիթով:
«Օրոր» նկար մըն ալ հրատարակած է` քաշուած Շարլ Ազնաւուր Մոնֆոր Լամորիի ապարանքին առջեւ, ուր կ՛երեւին տանտիրոջ կողքին` Այտա Ազնաւուր, Տիրան-Ժորժ Կառվարենց, Ճոնի Հալիտէյ եւ Կարլօ Նիլ:
Աշոտ Մալաքեանի վերջին ժապաւէնին աշխատակցած է նաեւ ուրիշ հայ մը` Մարտիկեան, իբրեւ օփերաթէօր: Այս երիտասարդ արուեստագէտին անունը յիշած էինք արդէն «Թաքսի մը թոպրուքի համար» ժապաւէնին առթիւ:
