ԱՐՄԷՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ

Եակլանտ հաւատարմագիրները կը ստանձնէ Պապիկեանէն

Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտին:

Պաշտօնական արարողութեան յաջորդած զրոյցին ընթացքին Արմէն Պապիկեան համառօտ կերպով ներկայացուց Հայաստանի մէջ ընթացող հոլովոյթները եւ այդ շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ համագործակցութիւնը յստակ ծրագիրներու հաստատման եւ իրականացման տեսանկիւնէն:

Խօսելով Եւրոպական խորհուրդին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն մասին` դեսպան Պապիկեանը նշեց, որ Հայաստանը, ինչպէս անցեալին,  պատրաստ է աջակցելու ընդհանուր քարտուղարին Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու հոլովոյթին մէջ:

Ողջունելով Հայաստանի նոր նշանակուած մնայուն ներկայացուցիչը` Թորպիորն Եակլանտ նշեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է Եւրոպական խորհուրդի հոլովոյթներուն մէջ եւ գոհունակութեամբ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի ընկալումները Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներուն եւ Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ կը համընկնին իր մօտեցումներուն եւ պատկերացումներուն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ կազմակերպութեան նպատակն է կուտակուած մասնագիտական ներուժը օգտագործել ի նպաստ անդամ պետութիւններու կարիքներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Եւրոպական խորհուրդին հետ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու համագործակցութեան զարգացման գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES