ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, ՏՂՈՑ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 23 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը` նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութի եւ բաժակակիր Շանվիլի միջեւ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ), պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:

Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը պիտի սկսի շաբաթ, 22 հոկտեմբերին:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՇԱԲԱԹ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հուփս – Անիպալ Զահլէ 16:00 Միշել Մըր
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Անդրանիկ Պէյրութ – Մութթահետ 16:00 Տեմիրճեան
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 24 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Հաուշ Ումարա – Ռիատի Պէյրութ 19:00 Զահլէ
Շանվիլ – Պաժժէ 18:00 Շանվիլ
Share this Article
CATEGORIES