ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է կերտել հաստատութենական պետութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել կառավարութեան դերակատարութիւնը:

ՆԱԽ Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հիմնուած է Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական ոճիրներուն վերջ տալու նպատակով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման միջոցներ չկան` ներքին թէ արտաքին իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լուսարձակի տակ կ՛առնէ սխալները եւ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ յանձնառու կը մնայ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, տեղական, շրջանային թէ միջազգային առումով քաղաքական ոչ մէկ որոշում կայ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բռնկեցնելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա մտահոգ է Լիբանանի մէջ կատարուելիք իսրայէլեան հաւանական հրոսէջքերէ եւ այդ պատճառով ալ ան իր ուժերը գաղտնի զօրաշարժի կ՛ենթարկէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ ընդդիմութեան մօտ կան շօշափելի փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը մեղսակցած է սուրիացի ընդդիմադիրներու առեւանգումին:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ինք գիտէ, որ Միջազգային դատական ատեանին նպատակն է Հըզպալլան քանդել, «սակայն միաժամանակ կը գիտակցի, որ եթէ այդ ատեանը չֆինանսաւորուի, ապա լիբանանեան պետութիւնը պիտի լուսանցքայնացուի եւ այդ պատճառով է, որ ինք համաձայն է այդ ատեանին ֆինանսաւորման»:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան մօտ լիբանանեան սահմանները խախտելու ոչ մէկ որոշում կայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցը կառավարութեան մէջ սուր երկփեղկում պիտի յառաջացնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ոչ մէկ փաստաթուղթ ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան կողմէ կատարուած ենթադրեալ առեւանգումներուն մասին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքները աւելի արդիւնաբեր դարձնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է քայլելու դիմէ Լիբանանի մէջ առեւանգուած սուրիացիներուն գծով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխաններ Նաուար Սահիլի ու Հասան Ֆատլալլա երէկ մեկնեցան Ռուսիա:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Իսրայէլ խաղաղութիւն չի փափաքիր հաստատել եւ իր վերաբերումով կը հարուածէ արդարութիւնը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը շեշտեցին, որ իրենց համար Լիբանանի կառավարութիւնը տապալած կը նկատուի, եթէ ան Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պահաէտտին Իթանի շեշտեց, որ պաղեստինցի գերիներուն փոխանակումը իրականացաւ Դիմադրութեան հետ քաղաքական ամբողջացումին շնորհիւ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ արեւելքցի քրիստոնեաները պէտք է կառչած մնան իրենց բնօրրաններուն եւ իրենց երկիրներուն մէջ ստանձնած իրենց դերակատարութիւններուն:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Սուրիոյ կայունութենէն կախեալ է` շեշտելով, որ երկու երկիրներուն մէջ կայունութիւնը պէտք է պահպանել:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց սուրիական ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, որոնք կը կատարուին հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը Սուրիայէն պահանջեց յարգել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցին վերաբերեալ անորոշութիւնը Լիբանանի մէջ լարուածութիւններ պիտի հրահրէ եւ սադրանքներ պիտի նախապատրաստէ:

 

Share this Article
CATEGORIES