ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տնօրէններու խորհուրդի պատուիրակութիւնը:

Նախագահը դրամատան պատուիրակութեան այցելութիւնը գնահատեց իբրեւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած քայլ եւ բարձր գնահատեց դրամատան գործունէութիւնը երկրին մէջ: Նշելով, որ Դրամատան հետ համագործակցութիւնը ձեւաւորուած է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, եւ տարուէ տարի գործակցութեան ծիրերը կ՛ընդլայնին, նախագահ Սերժ Սարգսեան խրախուսելի նկատեց դրամատան մասնակցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան համար կարեւոր եւ հեռանկարային որեւէ ծրագիրի: Ըստ նախագահին, այդ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը բերէ նաեւ վստահութեան ընդլայնման եւ կը նպաստէ դէպի երկիր արտաքին ներդրումներու հոսքին:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական դրամատան տնօրէններու խորհուրդի անդամները նախ շնորհաւորած են նախագահ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով, ապա նշած են, որ պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելած է Հայաստանի համար 2012-2015 թուականներուն դրամատան ռազմավարութեան մշակման նպատակով քննարկելու համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները, ծանօթանալու Հայաստանի այժմու տնտեսական վիճակին եւ դրամատան ընթացիկ ծրագիրներուն: Դրամատան ներկայացուցիչները նշեցին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը զգալի աշխատանք տարած է երկրին մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ: Անոնք կարեւոր նկատեցին յատկապէս տեսչական բարեփոխումներու, հարկային օրէնսդրութեան բարեփոխման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով իրականացուած աշխատանքը` ընդգծելով, որ որոշ մարզերու մէջ տակաւին կան լուծման կարիք ունեցող խնդիրներ եւ դրամատունը պատրաստ է աջակցելու անոնց լուծման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES