ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ հերքեց, թէ Իրան համաձայն գտնուած է Թուրքիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման: Ան նշեց, որ «Թուրքիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանին նկատմամբ Իրան յստակ էր, կը շարունակէ յստակ ըլլալ, եւ մենք թրքական կողմը բազմաթիւ անգամներ տեղեակ պահեցինք մեր կեցուածքէն»: Մեհմանփարասթ հերքեց, որ այս հարցով երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացած է:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա մտավախութիւն յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ դէպի քաղաքային իշխանութիւն փոխանցման հանգրուանը երկարելու պարագային Եգիպտոս հետզհետէ աճող բռնարարքներու եւ տնտեսական դժուարութեանց պատճառով կրնայ քաոսի մատնուիլ: Ան շեշտեց, որ «փոխանցման երկարատեւ հանգրուան մը ի շահ եգիպտացիներուն կամ Եգիպտոսի չէ»` վստահեցնելով, որ «ատիկա պիտի դանդաղեցնէ տնտեսութեան ամրապնդման քայլերը եւ եգիպտական հասարակութիւնը քայքայել ուզողներուն առիթ պիտի ընծայէ»:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ իշխանութեան ընթացաւարտ վարչապետ Սալամ Ֆայեատ Պաղեստինի հարցով ամերիկեան խմբակի կազմակերպած ճաշկերոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ լուրջ բանակցութիւններ կատարելու ժամը տակաւին չէ հասած եւ ներկայիս այդպիսի քայլ մը հաւանաբար զիրար այպանելու առիթ պիտի ընծայէ եւ ոչ թէ փոխզիջումի:

