ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ ՍԵՐՊ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՕԹԱՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ. ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՕԹԱՆ-ԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՍԵՐՊԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՈՒԺ ՉԿԻՐԱՐԿԵԼ
Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ ուժերը Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ սերպերու կողմէ զետեղուած անցարգել մը վերցնելու գործողութեան մը ընթացքին շրջանի սերպ ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր օգտագործեցին:
Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ ՕԹԱՆ-ի ուժերէն պահանջեց ինքնազսպում ցուցաբերել եւ Քոսովոյի սերպերուն դէմ ուժ չկիրարկել: Ան յանձնարարեց ուժի կիրարկման փոխարէն բանակցիլ Հիւսիսային Քոսովոյի սերպերուն հետ, որոնք Քոսովոյի անկախութենէն իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն: Ան յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն պարտականութիւնը քաղաքայիններն ու անոնց շահերը պաշտպանելն է` հեռու մնալով «կուսակցական նեղ ցուցմունքներով ղեկավարուած ազդեցութիւններէն եւ քաղաքական ցուցմունքներէն»:
Սերպիոյ նախագահը ընդգծեց, որ իր երկիրը «որեւէ օր Քոսովոյի իր քաղաքացիները պիտի չլքէ»` շեշտելով, որ Սերպիա «կը շարունակէ զանոնք պաշտպանելու եւ այդտեղ կարելի եղածին չափ շատ առանձնաշնորհումներու տիրանալու ուղղութեամբ աշխատիլ»:
Թատիչ ըսաւ, որ Սերպիա «իբրեւ Սերպիոյ եւ Քոսովոյի միջեւ տագնապէն դուրս գալու ռազմավարական ընտրանք կառչած կը մնայ բանակցութիւններուն»:
