ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄ ՊԸՐՆԶԸ
Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզը:
Ողջունելով Պըրնզը` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները կը նկատէ հայ-ամերիկեան աշխուժ երկխօսութեան ապացոյց:
Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, Հայաստան մշտապէս հաստատակամ եղած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելուն մէջ եւ այդ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ իբրեւ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու` տնտեսութեան զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման գրաւական:
Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան նաեւ կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկրի միջնորդական ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ:
Ընդգծելով, որ իր առաջին արտաքին այցելութիւններէն մէկը կը կատարէ Հայաստան` Պըրնզ նշեց, որ ասիկա կ’ապացուցէ, թէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը ի՛նչ առաջնահերթութիւն կու տայ շրջանին, մասնաւորապէս` Հայաստանին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն: Ուիլիըմ Պըրնզ նաեւ շեշտեց, որ կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմ, շրջանային եւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
ՆԱԵՒ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Միջազգային եւրոպական շարժման նախագահ Փեթ Քոքսն ու փոխնախագահ Չարլզ-Ֆերտինանտ Նոթոմպը, որոնք Հայաստան ժամանած են մասնակցելու Միջազգային եւրոպական շարժման` 20-21 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ իրականացուող համաժողովին:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն, Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Հայաստանի եւրոպական մերձեցման քայլերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներուն:


