50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
Ա. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Անցած ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, Քալիֆորնիոյ Կրթական հմնարկութիւնը Նիւ Եորքի մէջ ունեցած է իր առաջին պատգամաւորական ժողովը` հիմնադիր անդամներու եւ այլ համակիրներու եւ գործակիցներու մասնակցութեամբ:

Ժողովը իր օրակարգով զբաղած է մասնաւորապէս շաբաթ օր, մինչեւ երեկոյ, շատ արդիւնաւոր կերպով:

ՊԱՐՍԿԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Թեհրանի Արարատ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին թեհրանաբնակ հայ գրողները հիմնած են պարսկահայ գրողներու միութիւն մը, «նպատակ ունենալով բոլորովին անկախ եւ բացարձակապէս քաղաքական խնդիրներէ հեռու, ստեղծել օգտակար գրական շարժում մը, զուտ գրական գեղարուեստական հարցերու շուրջ: Պարսկահայ գրողներու միութեան պիտի կրնան անդամակցիլ նաեւ մայրաքաղաք Թեհրանէն դուրս` գաւառներու մէջ գտնուող բոլոր հայ գրողներն ու բանաստեղծները:

Միութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած է վարչութիւն մը, որուն կ՛անդամակցին` Արամ Գառօնէ (նախագահ), Դեւ (փոխ նախագահ), Զօրայր Միրզայեան (քարտուղար), Վանուհի (փոխ քարտուղար) եւ Գալուստ Խանենց (գանձապահ):

Միութեան կողմէ ընտրուած յատուկ յանձնախումբը պատրաստած է ծրագիր- կանոնագիր մը, որ ընդհանուր ժողովին մէջ կարդացուած եւ վաւերացուած է:

ՅՈՅՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքին հելէնական գրականութեան ուսուցիչ Էմիլիանոս սրբազանը կը պատրաստէ կարեւոր աշխատանք մը` Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, տալով նաեւ մանրամասնութիւններ մեր ծէսերու եւ արարողութեանց շուրջ:

Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը, երբ Պոլիս կը գտնուէր, յունաց պատրիարքարան տրուած այցելութեան մը առիթով Էմիլիանոս սրբազան խօսած էր անոր իր այս ծրագրին մասին, եւ վեհափառ հայրապետը խիստ գոհ մնալով այդ ձեռնարկէն` փափաքած էր, որ շուտով աւարտի ան. ուզած էր նաեւ օրինակ մը:

Յունարէն այդ հատորին սկիզբը պիտի գտնուին Վազգէն Ա. հայրապետին եւ Աթենակորաս պատրիարքին նկարները:

ԻՆՉՊԷՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ՓՈՐՁԸ

Քանի մը օր առաջ Խորհրդային երիտասարդութեան պաշտօնաթերթ «Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա»էն առնելով, արձագանգ հանդիսացած էինք օդանաւի առեւանգման դէպքի մը, որուն մասին հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը տրուին.

Հայկական օդանաւ մը Երեւանէն Եղէգնաձոր կ՛երթար: Ճամբու ընթացքին երեք ճամբորդներ յարձակած են օդանաւորդ Էդիկ Բախշինեանի վրայ եւ պնդած, որ թռիչքը շարունակէ «ուղիղ առաջ»:

Օդանաւորդը նախ կատակ կարծած է, սակայն, քիչ ետք, հասկնալով «աւազակներու» մտադրութիւնը, պայքար մը սկսած է իր եւ անոնց միջեւ: Հակառակ վիրաւորուած ըլլալուն` օդանաւորդը յաջողած է իջնել խորհրդային հողի վրայ, իսկ յարձակողներէն մին սպաննուած է` հարկադրական վայրէջքին պատճառով:

«Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա» կ՛ըսէ, թէ օդաչու Էդիկ Բախշինեան իբրեւ հերոս ողջունուած է եւ այժմ աւելի բարձր պաշտօնի կոչուած ազգային մեծ գիծերու վրայ:

Եղէգնաձոր կը գտնուի Երեւանէն յիսուն մղոն հարաւ-արեւելք: Հաւանաբար «աւազակները» կ՛ուզէին Իրան անցնիլ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԵՐ»

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է փրոֆ. Արշալոյս Արշարունիի «Հայ ժողովրդական թատերախաղեր» ուսումնասիրութիւնը:

Հեղինակին նպատակն է ցոյց տալ հայ ժողովրդական թատերախաղերուն ազգային եւ ժողովրդական նկարագիրը:

Այս գիրքին մէջ մանրամասն փաստերով նկարագրուած է հայ ժողովրդական թատերախաղերուն մէկ մասը: Սակայն, ինչպէս դիտել կու տայ հեղինակը, ան կանգ չէ առած «Ղարագէօզ»ի պէս ժողովրդական խաղերուն, լարախաղացներուն, ծաղրածուներուն, մենակատարներու ներկայացումներուն վրայ, որոնք նոյնպէս կարեւոր երեւոյթներ են:

Գիրքին կցուած են հետաքրքրական ծանօթութիւններ եւ մատենագիտութիւն:

Share this Article
CATEGORIES