ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ` ԸՆԴԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ցոյցին ընթացքին բարձրացուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող պաստառներէն մէկը

Շաբաթավերջին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հարիւրաւոր սուրիացի քաղաքացիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ` արտայայտելով իրենց ընդվզումը թրքական կառավարութենէն եւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն:

Ցուցարարները Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը հաստատող պաստառներ բարձրացուցին` կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան եւ մերժելով որեւէ տեսակի արտաքին միջամտութիւն Սուրիոյ ներքին հարցերուն:

Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր գործադրելիք բարեկարգումի ծրագիրին:

Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին բարձրացուած էին նաեւ Թուրքիոյ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշեցնող պաստառներ: Իսկ ցուցարարներէն ոմանք կոչ ուղղեցին վարչապետ Էրտողանին լուծելու Թուրքիոյ ներքին խնդիրները` Հայոց ցեղասպանութիւնն ու քրտական հարցը:

Share this Article
CATEGORIES