ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ «ՄԱՇՏՈՑԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՊԱՐՏԻ ԼԱՒ ՍՈՐՎԻԼ ԵՒ ԳԻՏՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»
Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հաւաքուած էին նախակրթարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ` նշելու համար Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկած վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ըստ հայկական տօնացոյցի, Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած յիշատակի օրը 8 հոկտեմբերն էր: Յիշատակելով այս օրը` որպէս Ս. Մեսրոպի անունը կրող վարժարանի աշակերտներ, մեր նուազագոյնը կրնանք ըրած ըլլալ Մեծն Ս. Մեսրոպին, իր ծննդեան 1650-ամեակին առթիւ: Այն Ս. Մեսրոպին, որ եղաւ հայոց գիրերուն գիւտարարը, հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը, հայագիր դպրոցին հիմնադիրը, հայութեան առաջին ուսուցիչն ու լուսաւորիչը, մեր ազգային մշակութային-հասարակական գործիչը եւ քրիստոնէութեան քարոզիչը:
Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու կողմէն պատրաստուած գեղարուեստական բաժինին, որուն ընթացքին 4-րդ դասարանցիները ներկայացուցին «Հայոց այբուբենը» խորագրեալ իւրայատուկ ասմունքը, ապա 3-րդ դասարանէն Կասիա Լեւոնեան նուագեց սրինգի վրայ, իսկ առաջին դասարանէն Յակոբ Թերզեան եւ Բալիկ Տօնիկեան ասմունքեցին գիրքին եւ ընթերցասիրութեան նուիրուած կտոր մը:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց վարժարանի հայերէն նիւթերու համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեանի խօսքը: Օրուան բանախօսը իր խօսքին մէջ վեր հանեց հայ ժողովուրդին արժանիքները` յիշեցնելով, որ` «աշխարհին մէջ կան բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք տարբեր միջոցներ ունին իրենց ազգին էութիւնը պահելու համար: Մեր ժողովուրդին համար այդ միջոցը, ամենազօրաւոր զէնքը եղած է Մեսրոպ Մաշտոցը: Եթէ մենք չունենայինք Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայոց լեզու, այսօր չէինք ունենար հայ վարժարանը` Մեսրոպեանը, չէինք ունենար հայոց հայրենիքը եւ այլն»:
Յիշելով այն բոլոր ազգերը, որոնք ձուլուեցան, կորսուեցան աշխարհի երեսէն գիր ու գրականութիւն, լեզու չունենալու պատճառով, Տեմիրճեան յորդորեց բոլոր աշակերտները` ըսելով. «Ձեզմէ շատեր կը սիրեն եռագոյնը, կը սիրեն Հայաստանը, բայց այս բոլորէն առաջ պէտք է շատ սիրեն հայերէնը եւ լաւ խօսին մայրենի լեզուով: Իրաւունք չունինք չսիրել եւ չսորվիլ հայերէն»: Հետեւաբար, զուգահեռ մը գծելով Թարգմանչաց խորհուրդին եւ հայերէնի պահպանութեան միջեւ` Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, թէ մեզի համար միայն մէկ օր չէ, որ պիտի նշուի Թարգմանչաց տօնը, այլ իւրաքանչիւր օր պիտի դառնայ Թարգմանչաց նուիրուած օր, որովհետեւ` «ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է պահպանել մայրենին, ինչպէս այդ ըրին ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք կ՛ապրէին անասելի վատ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ, սակայն կը սիրէին իրենց լեզուն ու մշակոյթը, եւ պահելով ու փայփայելով` փոխանցեցին ու հասցուցին մեզի: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ Մեսրոպ Մաշտոցին զինուորը, սորվի հայերէն, հայոց պատմութիւն, որպէսզի երբ մեծնաք եւ համալսարաններ երթաք, կարենաք այդ սորվածներով պաշտպանել ձեր ազգային իրաւունքները, ձեր ազգի Դատին պաշտպանը դառնաք: Պատիւ եւ յարգանք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ով կը խօսի ու կը սիրէ հայոց լեզուն»:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

