«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իզմիրի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ քարիւղի գործարանի մը հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ միասին մինչեւ վերջ պիտի պայքարի Լեռնային Ղարաբաղի համար:

«Մենք որքան «երկու պետութիւն, մէկ ազգ» ենք, նոյնքան ալ` «մէկ սիրտ»: Այդ պատճառով ալ մենք Ազրպէյճանի հետ միասին ուս-ուսի տուած պիտի պայքարինք, մինչեւ որ Ղարաբաղի բռնագրաւումին վերջ դրուի», ըսած է Էրտողան:

Երկու նախագահները նաեւ Իզմիրի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ կազի համաձայնագիրի թղթածրարը, որ կը ներառէ «Շահ Տենիզ 2» հանքէն Թուրքիոյ վաճառուելիք կազի գինին, ինչպէս նաեւ այդ հանքէն Թուրքիոյ տարածքով դէպի Եւրոպա արտահանուելիք կազին վերաբերեալ համաձայնագիր:

Տարանցման վերաբերեալ համաձայնագիրը անհրաժեշտ է շահագործելու համար «Հարաւային միջանցք» կազատարը, որուն միջոցով ազրպէյճանական կազը պիտի հասնի Եւրոպա: «Շահ տենիզ 2» նախագիծի ծիրին մէջ Ազրպէյճան կը նախատեսէ տարեկան 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանել Եւրոպա:

«Հարաւային միջանցք» կազատարը Եւրոպական Միութեան համար ուժանիւթի առաջնային նախագիծերէն է, որ կոչուած է բարձրացնելու Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի անվտանգութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES